Մեր հաշւոյն անբաղձալի երեւոյթ է հակաճառութեան մտնել հայ մամուլէ ոեւէ գրողի հետ։ Սակայն երբ կը հանդիպինք իրողութիւնները շրջելու, բոլորին հասարակաց համոզումը ճիշդ հակառակով ներկայացնելու փորձերուն՝ չենք կրնար լռութիւն պահել։
13 Օգոստոս թուակիր «Ժամանակ» օրաթերթի մէջ Սագօ Արեանի «Սխալ պնդումներ» խորագրեալ յօդուածը կարդալով ստիպուած զգացինք մեր ընդվզումը յայտնել։ Նշենք որ Սագօ Արեան անցեալին ալ նոյն էջերուն վրայ նման բնոյթով յօդուած ստորագրած եւ ծանրօրէն մեղադրած էր Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ, ՀՏՓ-ի Իսթանպուլի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը։
Արեան այս անգամ ալ նոյնը կ՚ընէ՝ Փայլանը կը մեղադրէ աստղ դառնալ յաւակնելով։ Կը կարծէ թէ Փայլան կուսակցութեան մէջ պաշտօնակոչուած է իբրեւ «հայկական թեւի բանբեր»։ Հետեւաբար ալ այս շրջանակէն դուրս իր ելոյթները կը բնութագրէ «պապէն աւելի պապական» ըլլալով։
Հասկնալի է Սագօ Արեանի սխալ ընկալումը։ Միայն իրեն յատուկ սխալմունք մը չէ այս։ Սփիւռքի հայութեան կարեւոր մէկ հատուածը զուրկ ըլլալով քաղաքական եւ գաղափարախօսական փորձութենէ, հայ պատգամաւորի դերը ոչ միայն Թուրքիոյ, այլ բոլոր երկիրներու խորհրդարաններու մէջ կը սահմանեն իբրեւ «հայկական թեւի բանբեր»։
Բոլորովին չէ սխալած Սագօ Արեան։ Կարօ Փայլան իսկապէս ալ աստղ մը ըլլալով կը փայլի կուսակցութեան շարքերուն մէջ։ Ան օրինակի համար դեռ քանի մը օր առաջ խորհրդարանի ընդհանուր նիստի ընթացքին իր կուսակցութեան անունով շատ իմաստուն ելոյթ մը ունեցաւ նիւթ առնելով հարկային վերջին կարգադրութիւններուն երկրին աղքատ դասակարգին վրայ գործելիք աւերը։ Կարօ Փայլան ՀՏՓ-ի շարքերուն մէջ հայոց վերապահուած աթոռը զբաղեցնելու համար չէ որ եկած է խորհրդարան։ Ան այդ կուսակցութեան հիմնադրութեան շրջանէն սկսելով աշխոյժ գործունէութիւն ունեցած է, որուն հետեւանք համակիրներու լայն զանգուած մը ապահոված կուսակցութեան մէջ։ Իսկ ընտրուելէ ետք իր գործունէութեամբ այդ համակիրներու զանգուածը ընդլայնած է դէպի ժողովուրդի լայն խաւերուն։ Այսօր սխալ պիտի չըլլայ պնդել թէ բազմամիլիոն ընտրողներու շարքին Կարօ Փայլան իբրեւ աստղ մը կը փայլի կուսակցութեան առաջնակարգ քանի մը անուններու կողքին։
Այս համայնապատկերին մէջ յստակ իրողութիւն է որ Կարօ Փայլան թրքահայ համայնքին ներկայացուցիչը չէ, այլ ՀՏՓ-ի մեծ ժողովրդականութիւն վայելող պատգամաւորը։ Նոյն դիրքի մէջ են այլ երկու երեսփոխանները Մարգար Էսայեան եւ Սելինա Տողան։ Սելինա Տողան եւս իր կարգին կը տանի աշխոյժ քաղաքական գործունէութիւն։ Իր դժբախտութիւնը կը կայանայ անդամակցած կուսակցութենէն։ Հանրապետական կուսակցութիւնը ի հիմանէ կառուցուած է թուրք ազգայնականութեան վրայ։ Սակայն ժամանակի ընթացքին որոշ ժողովրդավարական տարրեր ալ իրենց ազդեցութիւնը ունեցած են եւ Տողան այդ ազդեցութեան հետեւանքով կրնայ հանրութեան նպաստող աշխատութիւն ծաւալել թուրք ազգայնական կուսակցութեան մը մէջ։
Իսկ «ԱՔ կուսակցութեան կամ Էրտողանի ընդդիմախօսները համայնքին քանի՞ տոկոսը կը կազմեն» հարցումին անշուշտ որ փաստացի թուանշանով մը պատասխանել կարելի չէ։ Մենք խորհուրդ կու տանք Սագօ Արեանին, թող ինք անձամբ փորձէ ժողովուրդին հակումը համեմատել, այն ատեն պատկերացում մը պիտի ունենայ։ Երբեք չափազանցութիւն պիտի չըլլայ պնդել թէ 7 Յունիս 2015 թուականի ընտրութիւններուն երկրի հայ փոքրամասնութիւնը հետեւելով այլ կրօնական փոքրամասնութիւններու ալ հակումին, ձայներու ջախջախիչ տոկոսով զօրակցեցաւ ընդդիմադիր ՀՏՓ-ական շարժումին։ Այդ զօրակցութիւնը 1 Նոյեմբերի կրկնուած ընտրութիւններուն որոշ չափով նահանջեց հանրապետութեան նախագահին որդեգրած բռնութեան քաղաքականութեան հետեւանքով։
Այստեղ հայ համայնքի պարագային, ժողովուրդի լայն խաւը եւ իբր թէ ժողովուրդը ներկայացնող պատրիարքարանը եւ համայնքային հաստատութիւններու վարչակազմը բոլորովին տարբեր ուղղութիւններ որդեգրեցին։
Սագօ Արեան իր սլաքները կ՚ուղղէ նաեւ պոլսահայութեան պարծանք համարուելու արժանի երիտասարդական կազմակերպութեան՝ «Նոր Զարթօնք» շարժումին։ Կասկածի տակ կը թողու անոնց բոլորին կողմէ գնահատուած արարքները։ Տիպար պահպանողական յետադիմականի մը մերձեցումով զանոնք վտանգաւոր կը համարէ։ Կ՚ուրանայ «Քամփ Արմէն»ի գրաւման դէմ իրենց տարած պայքարը եւ այդ նիւթի որոշ լուծման մը յանգելուն մէջ կը տեսնէ «լոյսերէ հեռու գործելով համայնքի շահերը ապահովող ու անոր անվտանգութիւնը պահող» աներեւելիներու դերակատարութիւնը։
Երեւանաբնակ պէյրութահայ Սագօ Արեանի այս սխալ դիտումներու ետին կա՛մ սփիւռքահայու հաւանական անտեղեակութիւնը պիտի տեսնենք կամ ալ որոշ շրջանակներու, նոյնիսկ թերեւս իր աշխատակցած օրաթերթին պատուէրը։ Երանի առաջինը ի զօրու ըլլայ եւ մենք այսպէսով հակառակ կարծիքներ ներկայացուցած ըլլանք։ Իսկ երկրորդ հաւանականութեան առկայութեան մէջ բոլոր այս տողերն ալ անիմաստ պիտի դառնան քանի որ ծախուած գրիչի մը հետ երկխօսութիւնը նշանակութիւն չ՚ունենար։
Վերջաբանը բերենք Թուրքիոյ իշխանական շրջանակներուն կողմէ վերջերս յաճախակիօրէն կրկնուած եւ հայատառ մամուլին ալ խայտառակ թրքաբանութիւնով մը թարգմանած նախադասութեամբ։ «Մենք ազգ ենք, Կարօ Փայլանը կամ Նոր Զարթօնքը չենք կերցներ»։
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ