Գիտություն

Reprogrammed the Havana International Book Fair

Երեքշաբթի, Նոյեմբերի 28, 2023
Reprogrammed the Havana International Book Fair

Changed the date of the Havana International Book Fair According with the website Cubadebate, the date of the International party of the book in Cuba, scheduled to next year's February...

Երկընտրանք «ազգի» եւ «համայնք»ի միջեւ

03 Օգոստոսի 2015

Որո՞ւն երկիրն է այս։ Մե՞ր, թէ ոչ մեզ սպանողներուն։ Տարակուսելու պատճառ չկայ, սա մեր երկիրն է։ Երկիր՝ որու վրայ գրուած է մեր ազգի պատմութիւնը։ Ջրհեղեղի աւարտին Նոյան Տապանը մեր լեռներուն վրայ խարսխեց։ Արձակած աղաւնին մեր ձի­թենիէն ճիւ­ղով մը վե­րադար­ձաւ։ Մեր նա­խահայ­րերն էր, որ Արա­րատեան Դաշ­տէն տա­րածուեցան ամ­բողջ Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին։ Հայկ նա­հապետ հոս է, որ կռուեցաւ Բե­լին դէմ։ Մես­րոպ Մաշ­տոց հոս է, որ հայ ժո­ղովուրդին նուիրեց եր­կա­թագիր տա­ռերը մեր։ Այս հո­ղերու վրայ է, որ Մա­րիամ Աս­տուածա­ծին կամ հրէից Նա­զով­րե­ցի թա­գաւո­րը հա­յացաւ։ Հայ շի­նարա­րի ճար­տար ձեռ­քե­րով կա­ռուց­ւած վան­քե­րու մէջ թարգմա­նիչ վար­դա­պետ­նե­րը Աս­տուածա­շունչը հա­յացու­ցին։ Այստեղ ծնաւ գրա­կանու­թիւնը մեր եւ երաժշտու­թիւնը։

Բազ­մա­հազար տա­րինե­րով կը բա­ցատ­րուի հա­յու ներ­կա­յու­թիւնը այս հո­ղերու վրայ։ Իսկ հի­մա հար­ցում ծա­գած է՝ որո՞ւն եր­կիրն է այս։ Մե՞ր, թէ ոչ մեզ սպա­նող­նե­րուն։ ԺԸ. Դա­րու աւար­տին էր, որ ծա­գաւ ազգ ու ազ­գա­յին պե­տու­թիւն գա­ղափա­րը։ Եթէ սկիզ­բի հար­ցումը տրա­մաբա­նու­թիւն մը կը գտնէ, այդ տրա­մաբա­նու­թիւնը կու գայ «ազ­գա­յին պե­տու­թիւն» հաս­կա­ցողու­թե­նէն։ Մին­չեւ այդ այս երկրի ո՛չ հա­յերը, ո՛չ յոյ­նե­րը եւ ո՛չ ալ ոեւէ ժո­ղովուրդ վա­րանած էր ապ­րած երկրին տէ­րը ըլ­լա­լու հա­սկա­ցողու­թե­նէն։ Բայց երբ երկրի վրայ կազ­մուած է ազ­գա­յին պե­տու­թիւն մը, եր­կիրն ալ ինքնա­բերա­բար միայն այդ ազ­գին սե­փակա­նու­թիւնը կար­ծուած է։ Եթէ պե­տու­թիւնը կը ներ­կա­յանայ «թուրք ազգ» պի­տակով, բո­լոր անոնք, որ թուրք չեն, զրկուած կ՚ըլ­լան նաեւ երկրի տէ­րը ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քէն։ Իբ­րեւ ապա­ցոյց յի­շենք ազ­գայնա­կան «Հիւրրի­յէթ» թեր­թի են­թա­խորա­գիրը՝ «Թուրքիան թուրքե­րուն է»։

Հան­րա­պետու­թեան հիմ­նադրու­թեան տա­րինե­րուն բա­ւական իրա­ւացի թուած էր այս կա­ղապա­րը։ Այդ բնա­կանութեան մէջ թուրքե­րը բնաջնջե­ցին երկրի ոչ իս­լամ ժո­ղովուրդնե­րը, իս­լամնե­րուն ալ պար­տադրե­լով թրքա­նալ։ Սա­կայն ներ­կայ ժա­մանակ­նե­րը բնաւ նպա­տակ չու­նին այս հաս­տա­տու­մը ըն­դունե­լու։ Եթէ օրի­նակ բե­րենք հա­յերս, քա­նի որ թուրքե­րէն շատ աւե­լի հին ան­ցեալ ու­նինք այս հո­ղերուն վրայ, ինքնա­բերա­բար չենք հրա­ժարիր մեր սե­փական եր­կի­րը ու­րի­շի մը թո­ղելու։ Այս պայ­մաննե­րու մէջ միակ լու­ծումը բազ­մազգի երկրի մը գա­ղափա­րին հա­մակեր­պիլ է։ Թուրքիոյ պե­տութեան հիմ­նա­դիր­նե­րը ամ­բողջ 60 տա­րի աշ­խա­տեցան ար­հեստա­կան ազգ մը կեր­տե­լու հա­մար։ Որոշ չա­փով թէեւ յա­ջողե­ցան, բայց երբ երկրի մե­ծագոյն փոք­րա­մաս­նութիւ­նը կազ­մող քիւրտեր եւս լրա­ցու­ցին ազգ ըլ­լա­լու գի­տակ­ցութիւ­նը, այդ 60 տա­րուայ ջան­քը ապար­դիւն մնաց։ Ի վեր­ջոյ պե­տական հա­մակար­գէ ան­կախ գոր­ծընթաց մըն է ցե­ղախումբի մը ազ­գա­յին գի­տակ­ցութեան հաս­նի­լը։ Մեր իրո­ղու­թեան մէջ այդ գի­տակ­ցութիւ­նը վեր­ջին ձեռք բե­րող­նե­րէն կ՚ըլ­լան հրեանե­րը, քիւրտե­րը, ասո­րինե­րը եւ դեռ այլ եւ այլ խմբակ­ներ։ Գնչու­նե­րը, օրի­նակ՝ մին­չեւ օրս չեն կրցած ազ­գի մը դի­մագի­ծը ու­նե­նալ։ Սահ­մա­նուած են ցե­ղախումբ մը ըլ­լա­լով։ Իսկ մենք, հա­կառակ որ նա­խորդ սե­րունդնե­րու շնոր­հիւ ազգ դար­ձած ենք, այժմ կը փոր­ձենք հա­մակեր­պիլ «հա­մայնք»ի մը նեղ ու ճղճիմ սահ­մա­նու­մին։ Պա­տաս­խա­նը հի­մա աւե­լի յստակ է։ Եթէ ազգ ենք, այս մեր եր­կիրն է ու պի­տի պայ­քա­րինք այդ երկրի բա­րօրու­թեան հա­մար։ Իսկ եթէ հա­մայնք ենք, դիւ­րաւ կրնանք հա­մակեր­պիլ այն հաս­տա­տու­մին, թէ այս մեր եր­կի­րը չէ, այլ ու­րի­շին։ Վերջինիս պա­րագա­յին ակնկա­լու­թիւններն ալ աւե­լի մատ­չե­լի են։ Գը­նալը­յի ծո­վափը, Վոս­փո­րի լիւ­ֆէր ձու­կը, շու­կա­յի փոք­րիկ խա­նու­թի հա­սոյ­թը լի ու լի կ՚ար­դա­րաց­նէ մեր պա­հան­ջատիրութիւնը:

Բագրատ Էստուկյան


 

ԱՎԵԼԱՑՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆԸ