Եթէ 30 երիտասարդ կեանքեր խլեց դէպքի վայրը, նաեւ 30 օճախներ մարեց Թուրքիոյ տարբեր քաղաքներէ ներս, տարբեր ազգային ինքնութիւններ ունեցող ընտանիքներու տուներէ ներս։
Քրտական ազատագրական շարժումը երկար ատենէ ի վեր հրաժարած է հիմնարկութեան տարիներուն գլխաւոր նպատակէն՝ ազատ, անկախ Քիւրտստանի մը հիմնադրութենէ։ Ընդ հակառակը, շարժումը իր ճակատագիրը կապած է Թուրքիոյ ամբողջութեան մէջ համերաշխութիւն մը գոյացնելու։ Համերաշխութիւն մը՝ որ յարգանք պիտի ցուցաբերէ քիւրտերու ազգային ինքնութեան, մայրենի լեզուին եւ մշակոյթին հանդէպ։ Նման պահանջը կը թելադրէ նաեւ այս բոլորը ցանկալ երկրի բոլոր ժողովուրդներու համար եւս։ Այսպէսով ալ անոնք երբեւիցէ կը գործածեն «Թուրքիականացում» բացատրութիւնը, որ կը մատնանշէ երկրի բոլոր բնակիչներուն անունով ելքի միջոցներ գտնել երկրի բոլոր ժողովուրդներուն համար։ Յայտնի է, որ այս նոր նախադրեալը շատ աւելի խրտչեցուցած է Թուրքիոյ ազգայնամոլները, որոնք պիտի նախընտրէին անկախութիւն եւ անջատողականութիւն պահանջող թշնամիին հետ պայքարիլ, քան խաղաղութիւն պահանջող ազգային շարժումի մը հետ գործ ունենալ։ Ուրեմն սխալած չենք ըլլար, եթէ ըսենք, թէ Քոպանիի մէջ պայթող այդ ռումբի իսկական թիրախը ճիշդ ալ ՀՏՓ-ականներուն թելադրած խաղաղութեան մթնոլորտն էր։ Այդ մերձեցումը արժանի արձագանգը գտած էր երկրի տարբեր ժողովուրդներէն, որոնք կարեւոր համեմատութեամբ զօրակցած էին Սելահատտին Տէմիրթաշի կերպարին մէջ մարմնաւորուած այս հասկացողութեան։ Իսկապէս ալ շատ անգամ չարիքը աւելի նախընտրելի է, քան բարիքը։ Եւ ի վերջոյ, չարագործն է, որ աւելի մեծ յաղթանակ պիտի ձեռք բերէ, քան մարդկայինը, մարդասիրականը, մարդավայելը։
Բագրատ Էստուկեան