Միջին Արեւելքը Որո՞ւ Հոգը...

16 Նոյեմբերի 2015

Շաբաթավերջի Փարիզի պայթումներն ու յարձակումները` իրար անցուցին ամբողջ լրատուական միջոցները եւ լրահոս աղբիւրները: Պետութիւններ հապճեպօրէն դատապարտեցին ու քննադատեցին իրագործուած ահաբեկչութիւնները եւ աշխարհի ամբողջ հայեացքն ու կեդրոնացումը եղաւ Փարիզի պայթումները: Նոյն օրը առաւօտեան արդէն իսկ համացանցի բոլոր էջերը լեցուած էին պայթումին մանրամասնութիւններով, նկարահանումներով եւ նկարներով: Գրեթէ չկար էջ մը, որ ահազանգած կամ արձագանգած չըլլար Փարիզեան վերջին իրարանցումներուն եւ ի՜նչ գնահատելի երեւոյթ, որ աշխարհը չմոռնալով իր մարդկային զգացումները` կը մտահոգուի, կը հետաքրքրուի ու մանաւանդ կը ցաւի իրագործուած պայթումներուն համար, անդադար «ա՜խ, ինչ պիտի ըլլայ այս բոլորին վերջը» հառաչը տալով, մտահոգ աչքերը սեւեռած նայելով պայթումի քանդիչ հետեւանքներուն ու զոհուածներու դիակներուն: Այս բոլորին ետին անշուշտ միշտ գոյութիւն ունին «սակայն» մը եւ «բայց» մը, որոնց դիմաց ձեռնածալ կարելի չէ մնալ:

Ֆրանսական պայթումի նոյն օրն իսկ համացանցի աշխարհը լեցուեցաւ «Աղօթեցէք Փարիզի Համար» լոզունգով, սեւ շրջանակներու մէջ դնելով Փարիզի «Թուր Էյֆէլը», ֆրանսական դրօշին կողքին մոմեր աւելցնելով... այլ խօսքով՝ ստեղծելով սուգի հարազատ պատկեր մը: Ալ աւելի զարմանալին այն է, որ ֆրանսացիներու, օտարազգիներու եւ եւրոպացիներուն կողքին, լիբանանաբնակ հայեր եւս մասնակից էին այդ սուգին ու վիշտին... նոյնիսկ Համացանցի վրայ երկու հայորդիներ իրարու հետ կը վիճէին` զոհուածներուն ստոյգ թիւը գիտնալու համար: Հանդիպեցայ մարդոց, որոնք նեղացած են, որ նման մեծ իրադարձութիւն մը տեղի ունեցած է, երբ իրենք կը քնանային ու տեղւոյն վրայ հեռատեսիլը բանալով չկրցան հետեւիլ մանրամասնութիւններուն. ու չես գիտեր ինչպէս «4-5 պայթում եւ հարիւրաւոր վիրաւորներ» սահմանումին տակ, մարդիկ ինչպէ՜ս 30-40 էջ գրելիք կը գտնեն` հեռուստացոյցէն կարենալ խօսելով նոյն նիւթին շուրջ 3-4 ժամ:

Ամենազարմանալին եւ այս յօդուածին ծնունդ տուող կէտը եղաւ` համացանցի «Ֆէյսպուքի» ընկերութեան կատարած վերջին նորութիւնը... «Ապահովութեան Ստուգում» (Safety Check): Փարիզի պայթումին անմիջապէս յաջորդեց «Ապահովութեան Ստուգումի» ծրագիրի հրապարակումը, որուն միջոցաւ մարդիկ պիտի կարենային հետեւիլ, որ իրենց բարեկամներէն քանի՞ հոգի կը գտնուի պայթումի տարածքը... անոնցմէ քանի՞ն առողջ ու լաւ վիճակի մէջ են: Վերոյիշեալ բոլոր զարգացումները ծնունդ տուին հիմնական երեք կէտերու.

Ա. «Ապահովական Ստուգում» Միջին Արեւելքի Համար

Առանց ըսելու, որ այսքան տարիներէ ի վեր, Լիբանանի կամ Սուրիոյ մէջ պայթումներու եւ յարձակումներու հոսքը կը շարունակուի, այդ մէկը պիտի դասեմ աւանդութեան ծիրին մէջ ըսելով` աւանդութեան համաձայն Միջին Արեւելքի մէջ պայթումները կը շարունակուին, ու մենք` մանաւանդ Լիբանան ու Սուրիա, ոչ թէ պայթումներու համար «Ապահովական Ստուգման» կարիքը ունինք, այլ ամէնօրեայ դրութեամբ նախքան մեր գնանալը պէտք է տեղեկացնենք, որ մենք ողջ ենք «հիմա ու հիմա...», որովհետեւ մեր ապահովութիւնը կախեալ չէ պայթումէ մը միայն, այլ միշտ ու միշտ կայ այդ ապահովութեան պակասը: Սակայն հարցը կը մնայ նոյնը... Միջին Արեւելքը Որո՞ւ Հոգը...

Լիբանանի մէջ եւս անցեալ շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցան զօրաւոր պայթումներ, որոնց զոհ գացին տասնեակներով քաղաքացիներ. երբեւէ տեսա՞ք օտարազգի մը, որ գրած է «աղօթեցէք Լիբանանի Համար»... վստահ եղէք, որ նոյնիսկ լիբանանցիներուն մօտաւոր 90%ը կատարած չէ այդ մէկը, սակայն նոյն այդ լիբանանցիները առաջին ահազանգողները եղած են Փարիզի պայթումներուն: Օրական դրութեամբ տասնեակներով զոհեր կ'իյնան սուրիական հողերուն վրայ. Ռուսիա կը յայտարարէ, որ երկու օրերու ընթացքին 290 է աւելի օդային յարձակումներ ու ռմբակոծումներ կատարած է Սուրիոյ տարածքին, սակայն այնտեղի երբեք յարձակումներուն ու զոհերուն թիւերու մեծութիւնը երբեք կարեւոր չէ. բաւարար է միայն մի քանի պայթում Փարիզի մէջ` մոռցնել տալու համար հարիւրաւոր միւս պայթումներն ու զոհերը: Այս բոլորին չափանիշը ի՞նչ է... «Մարդը Մարդ է Մարդով» փիլիսոփայական դարձուածքը վերածուած է «Մարդ Մարդ է իր քաղաքացիութեամբի՞...»:

Ֆրանսացի մէկ զոհ մը համաւահասար կը դիտուի լիբանանցի կամ սուրիացի հարիւրաւոր զոհերու. ինչո՞ւ: Քաղաքացիութեա՞մբ կը դատուի զոհի մը ներկայացնող արժէքը, թէ ոչ մարդ ըլլալու իրականութեամբ: Հարիւր հազարաւոր մանուկներ, մնալով իրենց «մանկութիւն չունեցող մարդիկ» եզրի սահմաններուն մէջ, ամէնօրեայ դրութեամբ մահու եւ կենաց խարխափումին մէջ կ'անցընեն իրենց կեանքի օրերը, առանց որեւէ մէկ ապահովութեան, որոնց համար «ապահովութեան ստուգումը» ամէնէն նուազ կարեւորութիւն ներկայացնող բանն է, որովհետեւ անոնք չունին ապահովութիւն, որպէսզի անոր ստուգումը կատարեն: Մեզի համար ապահովական ստուգումը աւելորդ իրողութիւն մըն է, որովհետեւ համացանցի ճամբով կրնանք այս վայրկեանին համար մեր ապահով վիճակի մէջ գտնուիլը ծանուցել, սակայն երբեք ապահովութիւնը կամ երաշխիքը չունինք, որ վայրկեաններ ետք մենք եւս կրնանք աննպատակ մեռնիլ` պայթող ռումբի մը պատճառով: Առ այդ, եթէ Փարիզեան մէկ օրուան պայթումները այսքան հետաքրքրութիւն ստացան ու լուսարձակի տակ առնուեցան, չէ՞ք կարծեր ամէն օր այդ բոլորը աւելիով ապրողները` աւելիով կարիքը ունին աղօթքներու, օգնութեան ու լուսարձակի տակ առնուելու:

Բ. Հինգ Ցամաքամասերու Վրայ Ձգած Համոզումները

Դժբախտաբար մարդոց մտածողութեան մէջ ինքնաբերաբար կայ` երկիրներու եւ քաղաքացիներու միջեւ խտրութիւն ու տարբերութիւն դնելը: Միջին Արեւելք ապրողներուն մեծամասնութիւնը իրենց երեւակայութիւնն ու նպատակները սեւեռած են` միմիայն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Գանատա եւ կամ եւրոպական այս կամ այն երկիրը մեկնելու` իրենց համար «անոյշ» երեւակայութեան վրայ: Այո իրականութիւն է, որ այդ երկիրներուն մէջ թէ՛ ապահովութեան պարագան եւ թէ՛ ապրելակերպը տարբեր են` Միջին Արեւելքի մեր ապրած երկիրներէն, սակայն մարդիկ ունին այն տխուր պատկերացումը, որ երբ Արեւմտեան այդ երկիրներէն մէկը հաստատուին` իրենց կեանքը ամբողջութեամբ պիտի փոխուի ու մեծամեծ գումարներու եւ հարստութիւններու տէր պիտի դառնան:

Սուրիոյ պատերազմական զարգացումներուն վրայ` դէպի դուրս գաղթողները կը կարծեն, որ երբ դուրս գան երկրէն իրենց թագաւորական կեանք մը կը սպասէ, որ նախապէս երգիծաբանականօրէն կ'ըսէին «երկինքէն դրամ կը տեղայ»:

Վստահաբար Ափրիկեան ցամաքամասի եւ կամ Ասիոյ մէջ գոյութիւն ունին երկիրներ, որոնք թէ՛ ապահովութեամբ եւ թէ՛ հարստութեամբ աւելի լաւ վիճակի մէջ են, քան ուրիշ երկիրներ, սակայն մարդիկ միշտ ու միշտ կը մնան խաբուած անունին: Փորձեցէք օր մը բարեկամի մը կարծիք տալ ու ըսել «գնայ Սիրիլանքա եւ կամ Մոնկոլիա ապրիր» ու տեսէք խօսակիցին պատասխանը եւ արտայայտութիւնը: Մեզմէ ո՞վ տեղեկութիւններ ունի վերոյիշեալ երկու երկիրներուն, անոնց կենցաղին ու նիւթական եւ ապահովական չափանիշերուն մասին. կը կարծեմ ոչ ոք, սակայն մեկնելով անունէն մարդիկ կը հրաժարին նոյնիսկ մտածել այդ մասին, որովհետեւ իրենց միտքերը գրաւած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպան:

Ու կարծեմ վերոյիշեալ այս մտածողութիւններն են, որ Ֆրանսայի եւ կամ այլ երազային երկիրի մը մէջ մէկ պայթումը բաւարար կ'ըլլայ` մոռցնել տալու այլ երկիրներու հազարաւոր միւս պայթումները:

Սակայն պարագան վստահ եղէք ճիշդ հակառակն է այլ երկիրներու մէջ: Եւրոպայի մէջ հանդիպած եմ անձերու, որոնք կ'ատեն իրենց երկիրը եւ կ'երազեն, թէ կեանքը այլ տեղ ա՛լ աւելի հանգիստ ու խաղաղ է, որովհետեւ դժբախտաբար մարդ արարածը ինչ կացութեան ու պարագայի մէջ ալ գտնուի` միշտ ու միշտ իր ապրած առօրեայէն դժգոհ վիճակի մէջ պիտի ըլլայ:

Երկիրներու միջեւ ստեղծուած խտրականութիւնն է պատճառը, որ կարգ մը երկիրներ աւելի առջեւի գիծի վրայ կը դիտուին: Օրինակ, երբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կամ Եւրոպական երկիրներու մէջ պայթում իրագործուի, տեղական լրահոս աղբիւրներ տեղւոյն վրայ կը փոխանցեն այդ մէկը, եղելութեան նկարներով ու տեսագրութիւններով, սակայն Լիբանանի եւ կամ Հայաստանի սահմաններուն վրայ` երբ ծայրայեղական ահաբեկիչներ կամ ազերի ստահակներ սպաննեն լիբանանցի կամ հայ զինուորներ, կը կարծէ՞ք ամերիկեան կամ եւրոպական աղբիւրներ վայրկեանական կը փոխանցեն այդ մէկը. եթէ այդ լրատուութեանց մէջ հպանցիկ ակնարկ մը ըլլայ այդ դէպքերուն մասին` այդ մէկը եւս մեծ բան է:

Գ. «Ապահովութեան Ստուգում»

Հայ Զինուորին Համար Համացանցի վրայ Փարիզի պայթումներու զոհերուն թիւերը փոխանցող բոլոր հայ անհատներուն հարց տուի, որ ֆրանսական զոհերու թիւերէն անկախ արդեօք տեղեա՞կ են, որ մի քանի օրեր առաջ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ, քանի՞ հայ երիտասարդ զինուորներ նահատակուեցան ի սէր Հայաստան-Արցախի պաշտպանութեան: Շատեր նոյնիսկ չպատասխանեցին հարցումիս: Երկար ժամանակէ ի վեր հայրենի սահմանին վրայ տիրող լարուածութեան եւ ազերիական մինչեւ հիմա բարեբախտաբար ձախող յարձակումներէն ու անոնց հասցուցած զանազան ձեւի վնասներու հետեւանքներէն տեղեա՞կ է հայ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը: Եւ ճիշդ այստեղ է, որ կը կայանայ մեր դժբախտութիւնը. Ամերիկայի տոլարներու ծարերը շլացնելով եւ կուրցնելով հայոց մեծամասնութեան աչքերը` միշտ անոնք սեւեռած կը պահեն դէպի այդ կողմ, մեր ազգայինն ու սեփականը մոռնալով:

Այս բոլոր դժբախտութեանց դիմաց կ'ուզէի երեւակայել, թէ 1800-ականներու ընկերային հարցերը քննադատող մեր Զարթօնքի սերունդի մեծ գրողները եթէ ապրէին այսօր, ինչե՜ր պիտի գրէին:

Պէտք է գիտնալ, որ մեռնող մէկ լիբանանցի, սուրիացի կամ Հայաստան-Արցախցի գիւղացին աւելի քիչ չարժեր ամերիկացի տախտակագործէն, որովհետեւ մարդը միշտ ալ մարդ է, ի՛նչ քաղաքացիութեան ալ տէր ըլլայ ան:

 

Հրայր Տաղլեան

 «Զարթօնք» օրաթերթ

ԱՎԵԼԱՑՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆԸ