Արեւմտեան կամ ազատ աշխարհի խարխափումները ճամբայ կը հարթեն մեծ աղէտներու կացութիւն

16 Սեպտեմբերի 2015

Միջազգային հանրային կարծիքը յուզուած է ստոյգ ջարդէ, աւելի ճիշդ՝ ցեղասպանութենէ Իրաքէն, Սուրիայէն եւ այլ երկիրներէ ճողոպրած հարիւր հազարաւոր փախստականներու հարցով:

Յուզուած հանրային կարծիքը միշտ ալ անմիջականի հետամուտ կ’ըլլայ, անկարողութիւն ցուցաբերելով կացութիւնները իրենց ընդհանրութեան մէջ գնահատելու:
Մարդկային իրաւանց յայտարարութեան հաւատարմութեամբ, եւրոպական երկիրները, հակառակ ոմանց կողմէ երբեմն դրսեւորուող չափաւորական կամ բացասական վերաբերումներու, Սուրիայէն եւ Իրաքէն փախստականններ կ’ընդունին: Գերմանիան գրկաբաց կ’ընդունի զանոնք, յայտարարուած է որ մինչեւ 800 հազար գաղթականներ պիտի ընդունի, պիտի տրամադրէ բնակարան եւ աշխատանք: Ֆրանսան աւելի մսկոտ է, երկու տարուան ընթացքին պիտի ընդունի միայն 24 հազար:

Մարդկային Իրաւանց յայտարարութիւնը, որքան որ ալ հմայող ըլլայ, բոլորին կողմէ նոյն ձեւով չ’ընդունուիր, հակառակ սովորական եւ կրկնուող ցուցական ճառերու:

Ոչ ոք միամիտ է հաւատալու, որ այս կամ այն երկիրը, Եւրոմիութեան սահմանած թիւով միայն մարդոց ապաստան պիտի տայ եւ պիտի բաւականանայ, ինքզինքին սահմանափակում պարտադրելով: Փախստականներու հոսքը պիտի շարունակուի, անոնք երբ չեն կրնար հասնիլ Միջերկրականի ճամբով, կը հասնին Նորվեկիա՝ անցնելով հիւսիսային բեւեռէն: Հունգարիան չ’ուզեր փախստականները ընդունիլ եւ այլն: Լեհաստանը ապաստան չի տար զանգուածային կերպով հասնող փախստականներուն, առարկելով իր մշակութային-կրօնական նկարագրի պահպանումը:

Իրատեսութիւն եւ վերաբերում

Եւրոպան կրնա՞յ իր պարտականութիւնը կատարած ըլլալու գոհունակութիւնը ունենալ, ընդունելով եւ պաշտպանելով փախստականները, նոյնիսկ եթէ այդպէս կը ներկայանայ պատկերը, դրօշի վերածուելով: Այս հարցման պատասխանը հարկ է փնտռել անմիջական անհրաժեշտէն անդին նայելով: Գէթ մենք հայերս, մեր պատմական դառն փորձով, գիտենք, այսօր ալ կը կրենք հետեւանքները, որ զբաղեցան հայ որբերով, ապաստան տուին, բայց ժողովուրդ մը ամբողջ արմատախիլ եղաւ եւ հայրենազրկուեցաւ, եւ բարեսիրութիւնը հայոց ազգային իրաւունքներու հարցին լուծում չբերաւ: Հայրենահանումը ստացաւ մնայուն ըլլալու նկարագիր եւ այսօր ոչ ոք կը խօսի այդ մասին:

Պատմական փաստը ներկան հասկնալու պէտք է նպաստէ: Բայց խարխափող Արեւմուտքը իր քաղաքականութիւնը չ’որոշեր հետեւելով իր անցեալի գործած սխալներու դասէն մեկնելով:

Այսօր անոնք որոնք միջոցներ ունին փախչելու իրենց երկիրներէն կեանքի ապահովութեան համար, այսինքն՝ դրամ ունին, կը հասնին Եւրոպա: Միջոց չունեցողներուն նկատմամբ ի՞նչ է պարտականութիւնը բոլոր անոնց, որոնք կը սիրեն մարդկային իրաւանց մասին խօսիլ եւ բարեսիրութեան ու մարդասիրութեան ճառով գինովնալ: Եւրոպական երկիրներ հասնողները վտանգուածներ են, բայց անպայման խեղճեր չեն:
Աւելին. կա՞յ երաշխիք, որ այս գաղթականութեան հետ թաքնուած չեն հասնիր նաեւ ծայրայեղականութեան, ահաբեկչութեան եւ մոլեռանդութեան գաղտնի զօրասիւններ: Վերլուծաբաններ եւ զանգուածային լրատուամիջոցներ այս մասին ակնարկութիւն չեն ըներ:

Արեւմուտքի բարեսիրական գինովութիւնը մի՞թէ ահաբեկչութեան եւ վայրագութեան բարենիշ տալու համազօր չէ: Բարենիշ՝ ահաբեկչութեան եւ վայրագութեան, ընդունելով, որ անոնց հեղինակները աւելի հզօր են քան Եւրոպան եւ Ամերիկան: Վերաբերում՝ որ զանոնք կը զօրացնէ: Ապա, արմատաւորման (enrecinement) մասին ճառ խօսող Արեւմուտքը կ’ընդունի ահաբեկչութեան եւ վայրագութեան յառաջացուցած արմատախիլ ըլլալու (deracinement) պայմանները, առանց յայտարարելու, որ տարբեր կենցաղ եւ քաղաքակրթութիւն ունենալու հետամուտ զանգուածները հեռացնելով Սուրիայէն եւ Իրաքէն, աշխարհի այդ շրջանը կը լքէ այն ուժին, որ կը ներկայանայ ՏԱՀԷՇ անունով (Իսլամական Պետութիւն), տեւաբար խօսելով անոր ծայրայեղականութեան, ահաբեկչական եւ վայրագ բնոյթի մասին:

Այս բոլոր նկատառումներու ծիրէն ներս կարծէք ոչ ոք տրամադիր է խօսելու մշակութային եւ քաղաքակրթական աշխարհագրութեան մասին: Արդարեւ, Իրաքը, Սուրիան, Լիբանանը, Պաղեստինը, Եգիպտոսը, ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը եւ Միջերկրականի աւազանը, քաղաքակրթութիւններու, մշակոյթներու եւ միաստուածեան կրօններու ծննդեան եւ զարգացման տարածքներ եղած են: Անհանդուրժողութիւնը եւ մոլեռանդութիւնը սպառնալիք ենք անոնցմէ մէկուն կամ միւսին գոյութեան, բոլորին, անոնց ժառանգութեան անհետացման, ոչ ոք ինքզինք ապահով կրնայ զգալ: Այս սպառնալիքը եւ անոր գործադրութիւնը մարդկութեան դէմ ոճիր են, ազատութիւններու բռնաբարում քաղաքակրթական եւ բարոյական արժէքներու բնաջնջում: Այդ զոյգը, իր ներքին տրամաբանութեամբ, անսահմանափակ նուաճողութիւն է, կանգ չի կրնար առնել այս կամ այն գետի կամ ծովու սահմանին վրայ: Այսինքն կը ձգտի համաշխարհային տիրապետութեան, իր ձեւով՝ խաւարի համաշխարհայնացում: Արեւմուտքը չինական պարիսպ չունի մոլեռանդութեան եւ անհանդուրժողութեան առջեւ թումբ կանգնելու համար: Այդ ընելու համար անմիջական շահերու հետապնդումով տեղատուութիւնները եւ հաւկուրութիւնները պարզապէս պարտութիւն են:

Փախստականներուն ապաստան տալ կարկտան կարգադրութիւն է, patchwork, բաժակ մը ջուրի մէջ քաղաքական խաղ: Անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ աշխարհի քաղաքական կեանքի լծակներուն կը տիրապետեն, պիտի հասկնան, որ արմատականութեան դէմ կարելի չէ կանգնիլ շպարային վերաբերումներով, այլ՝ արմատականութեամբ:

Պատերազմական վիճակ

Արեւմուտքը, իր լայնածիր հետախուզական միջոցներէն ստացած տեղեկութիւններով, գիտէ թէ ինչպէ՞ս կը զինուին եւ կը մատակարարուին ծայրայեղական եւ մոլեռանդական շարժումները: Այդ կը գիտցուի մասամբ, լաւ պիտի ըլլար ամբողջական լուսաբանութիւն տրուէր: Երբ գիտեն եւ կը լռեն, լուսապսակ կ’ուզեն ունենալ գաղթականներու ապաստան տալով, կը դառնան մեղսակից, իրենք զիրենք դատապարտելով ըլլալու նոյն այդ մոլեռանդութեան եւ ծայրայեղականութեան թիրախ, անոնց գործածած զէնքերը նոյն Արեւմուտքի զէնքերն են, ինչպէս հասած են անոնց ձեռքը: Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ կացութեան տէր դարձող ծայրայեղական եւ մոլեռանդական շարժում-իշխանութիւնը տէր դարձած է նաւթային արտադրութեան, որ իրեն կու տայ նիւթական լայն միջոցներ: Բայց այդ արտադրութիւնը ուժի վերածելու համար պէտք է վաճառել: Ո՞ւր կը ծախուի այդ նաւթը, ո՞վ կը գնէ, ո՞վ կամ որոնք են միջնորդները: Այս հարցումներուն պատասխանները միլիառաւոր մղոններով հեռու գտնուող աստղահոյլերու գաղտնիք չեն:

Թրքական «Ճումհուրիյէթ» թերթը օրինակելի քաջութեամբ հրապարակեց ճշմարտութիւնը. թրքական գաղտնի սպասարկութիւնները բեռնակառքերով զէնք եւ զինամթերք տրամադրած են Սուրիոյ եւ Իրաքի ծայրայեղական-ահաբեկչական շարժումներուն: Թուրքիան բացայայտ աճպարարութեամբ մը, իբրեւ թէ քայլ պահելով Արեւմուտքի հետ, յանձն առաւ ռմբակոծել ծայրայեղականներու դիրքերը, կը ռմբակոծէ քրտական դիրքերը՝ որպէս արմատականներու եւ ահաբեկչականներու դիրքեր,, երբ կ’ըսուի, թէ Տահէշի դէմ կռուող միակ կազմակերպուած ուժը եւ յաջողութիւն արձանագրողները քիւրտերն են:
Ի՞նչ կ’ուզէ Արեւմուտքը, ո՞ւր կ’ուզէ հասնիլ, ո՞ւր կ’ուզէ առաջնորդել իր ժողովուրդները, մարդկութիւնը ընդհանրապէս, իր քաղաքակրթութեամբ եւ մշակոյթով:
Այս հարցումները պէտք է ուղղել յստակ հասցէներու եւ լուսաբանել հանրային կարծիքը, զայն չզբաղեցնելով միայն մարդասիրական յուզումներով:

Գալիք դարերուն համար հարկ է վերականգնել մշակութային եւ քաղաքակրթական աշխարհագրութիւնը այն շրջանին մէջ, ուր իր տիրապետութիւնը կը հաստատէ ծայրայեղականութիւնը, այսինքն հոն վերադարձնել ժողովուրդներու մշակութային-կրօնական համակեցութիւնը, առանց գոհանալու կիսամիջոցներով, որոնք միշտ դուռ կը բանան նոր հակամարտութիւններու: Երբ կ’ըսուի թէ Արեւմուտքը պիտի գոհանայ օդանաւային ռմբաձգութիւններով, պէտք է հասկնալ, որ վէրքը բաց պիտի մնայ եւ կարելի է երեւակայել հետեւանքները: Եթէ Արեւմուտքը կրցաւ միջամտել Եուկոսլաւիա եւ փոխել աշխարհագրական այդ գօտիի քարտէսը, պէտք է ըսէ թէ ինչո՞ւ հաստատակամութեամբ «խաղաղեցման» նոյն քաղաքականութեան չի հետեւիր:

Պատերազմի արհաւիրքէն փախչողներուն օժանդակել մարդկային վերաբերում է: Բայց այդ սահմանին մէջ: Անոնք իրենց աշխարհագրութեան ժառանգութիւն-մշակոյթը եւ ինքնութիւնը պահելու համար, պէտք է որ վերագտնեն իրենց իրաւունքները, տունը, սրբավայրերը, որպէսզի ըլլան շարունակութիւն: Ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղականութեան դէմ պայքարը պէտք է նկատի ունենայ այս հիմնախնդիրը:

Արեւմուտքի մարդասիրական վերաբերումը պատերազմի պատճառով ապաստան փնտռողներու նկատմամբ շահախնդրուածութիւն չէ՞: Յաճախ բարձրաձայն ըսուեցաւ, որ Գերմանիան 800.000 փախստական-գաղթողներ պիտի ընդունի, եւ այդ վերաբերումը սոսկ մարդասիրական չէ: Ճիշդ է, օրինակելի է, կը գեղեցկացնէ իր պատկերը, մոռցնելով իր պատմութիւնը դրոշմած ցեղապաշտութիւնը:

Գերմանիոյ եւ հիւսիսային երկիրներու բնակչութիւնը կը ծերանայ, ծնունդները չեն բաւեր աշխատուժը թարմացնելու, եւ աշխատողներ պէտք են թոշակները վճարելու համար: Այլ խօսքով, այս նոր գաղթականութիւնը տնտեսական եւ ներքին հարցերու լուծման միջոց է: Քաղաքակրթական եւ մշակութային հարցերը օրակարգ չեն: Թէ ի՞նչ կ’ըլլան հետեւանքները նոյն այդ երկիրներուն մէջ այս անմիջականի շահախնդրութեամբ ծաւալած «մարդասիրութեան», մեծ մարգարէ ըլլալու կարիք չկայ երեւակայելու համար:

Խարխափումի հետեւանքները

Օդանաւային ռմբաձգութիւնը սպիտակ ձեռնոցներով պատերազմելու կը նմանի: Այդ կ’ուզեն ընել այսօր: Անհրաժեշտ են բանակներ գրաւուած տարածութիւնները ազատագրելու համար:

Այսօր մարդկութիւնը կը գտնուի հոգեկան, քաղաքակրթական, աշխարհագրական, մշակութային ապակայունացման առջեւ, որուն պարզ անուն մը եթէ ուզենք տալ, պիտի ըսենք՝ չորրորդ համաշխարհային պատերազմ: Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան անդամ ժողովուրդները, անոնց առաջնորդները, պիտի հասկնա՞ն, որ ապակայունացումը ընդհանուր է, չեզոքութիւնը անհնար է, հեռու եւ մօտ չկան, ահաբեկչութեան եւ մոլեռանդութեան դէմ կարելի չէ կանգնիլ ձիթենիի ճիւղով:

Անցեալի սխալները ժողովուրդներու դժբախտացման պատճառ եղան: Անոնք այսօրուան սխալներուն քաջալերանքն են:

Սպիտակ ձեռնոցներով գործուած սխալներուն աղբը չի մաքրուիր:

Ինչ որ պիտի կատարուի այսօ՛ր պիտի կատարուի, վաղը արդէն ուշ է:

Ճապկումներու համար վաղը արդէն աւելի սուղ պիտի վճարուի:

Այս պարզ ճշմարտութիւններուն մասին կարելի չէ խօսիլ լեզուագարութիւններով:

 Յ․Պալեան

Աղբյուրը՝ http://hairenikweekly.com/2015/09/14/23762

ԱՎԵԼԱՑՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆԸ