«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ ֆրանսահայ լրագրող եւ վերլուծաբան Վան Մկրտիչեանը։
-Ինչ է երկիրն ընդհանուր իրավիճակը:
Երկրին իրավիճակը տնտեսական առումով լաւ չէ, հակառակ անոր որ այս տարեսկիզբին լաւ ըլլալու նախանշաններ կային, սակայն հիմա տարին կը փակենք վատ կերպով, ոչ միայն ցոյցերուն, այլ ընդհանրապէս տնտեսական վիճակի պատճառով: Տնտեսական վերելքի խոստումը դանդաղեցաւ, նախագահ Մաքրոնի համակարգային բարեփոխումներուն վերաբերեալ տուած խոստումները չիրականացան եւ ասոնց եկան աւենալու ցոյցերը:
Այստեղ կ'ուզեմ նկատել տալ, որ այս եղածը միայն ցոյցեր չեն։ Ֆրանսայի մէջ այսօր տեղի ունեցածը ժողովրդական շարժում է, որուն նմանը Հայաստանի մէջ տեսանք, երբ ժողովուրդը ինքնակամ ուզեց փողոց իջնել: Այսօր տասնեակ տարիներէ ի վեր, առաջին անգամն է, որ Ֆրանսայի մէջ նման ցոյցեր կ'ըլլան, որ սենտիքաներու կողմէ չեն կազմակերպուած եւ այս մէկը շատ կարեւոր է հաշուի առնել։
-Արդեօք նախագահ Մաքրոնի վերջին յայտարարութիւնները պիտի օգնեն, որ երկրին մէջ լարուածութիւը նուազի:
Անցեալ շաբթուան սկիզբը Մաքրոնի խօսքը շատ մարդոց չհամոզեց, խօսքէն անմիջապէս ետք, առաջին վայրկեաններուն մարդիկ ըսին լաւ բաներ խոստացաւ, աշխատավարձի յաւելում, գործի բարելաւում եւայլն, բայց քանի մը ժամ յետոյ, յաջորդ օրը բոլորս ալ տեսանք, որ իր յայտարարած որոշումները պարզապէս «կէս իրաւ կէս սուտ» են։
Հետեւաբար չեմ կրնար ըսել, որ Մաքրոնի խօսքէն ետք փողոցը պիտի հանդարտի, ճիշդ է այս շաբաթ քիչ մը աւելի հանդարտ էր երկիրը, բայց դեռ հազարաւոր մարդիկ կան, որ կը սպասեն շաբաթ օրուան, որպէսզի փողոց իջնեն եւ ցոյցերը շարունակեն Փարիզի, Պորտոյի, Լիոնի, Մարսէյլի մէջ: Այսինքն ժողովուրդին մօտ տրամադրութիւնները չեն փոխուած։ Մաքրոնի եւ ժողովուրդին միջեւ լարուածութիւնը դեռ կայ եւ երկու կողմերն ալ կը շարունակեն ցեխարձակումները։ Օրինակ Մաքրոնի կողմակիցները, այսինքն «Ան Մարշ»ը (Դէպի յառաջ) ցոյց ընողներուն ահաբեկիչ կ'անուանեն, կ'ըսեն, որ ասոնք հարուստ դասակարգը ատող մարդիկ են եւ երկրին համար վտանգ են։Միւս կողմէ, երբ երկու օր առաջ Սթրազպուրկի ահաբեկչական յարձակումը եղաւ եւ զոհեր գանցուեեցան, ցուցարարները եւ ազատ մարդիկ սկսան ըսել, որ եղածը կառավարութեան կողմէ կազմակերպուած գործողութին էր, որպէսզի փորձեն ճամբաներ փակել եւ ցոյցերը արգիլել, առաջին անգամ ըլլալով ֆրանսացիները կասկած ունեցան, որ այս ահաբեկչական յարձակման մէջ կառավարութիւը ձեռք ունի:
-Կը խօսուի, որ այս «դեղին բաճկոնաւորներու» ետին կան արտաքին կողմեր, ինչքանո՞վ ճիշդ է այդ մօտեցումը ձեր կարծիքով:
Մաքրոնի շրջանակին կարծիքով ցուցարաները ռուսական եւ ամերիկեան «տարրեր» են,որոնց նպատակն է Ֆրանսան տկարացնել: Իրականութեան մէջ Ֆրանսան այսօր արդէն տկարացած է եւ Եւրոպայի ամէնէն շատ խնդիր ունեցող երկիրներէն մէկն է։ Այս երկրին մէջ անգործութեան մակարդակը ամենաբարձրներէն մէկն է, մօտ 10 տոկոս, իսլամական ահաբեկիչներու կողմէ՝ Սթրապզպուրկի ահաբեկիչ Շերիֆի նման հազարաւոր երիտասարդներ կան, որոնք կը հետապնդուին, սակայն անկարելի դարձած է անոնց ներկայացուցած վտանգին չէզոքացումը։
Միւս կողմէն, կը տեսնենք, որ ֆրանսական տարբեր գիւղերէ ու քաղաքներէ մեծ թիւով ուսանողներ, երիտասարդներ Փարիզ կը հասնին ցոյցերուն մասնակցելու նպատակով։
Հետեւաբար, ես չեմ հաւատար, որ այս եղածը դուրսէն մշակուած ծրագրին մըն է, այս ցոյցերուն մասնակիցները միայն մէկ գաղափարի հաւատացող մարդիկ չեն։ Անոնք տարբեր տեղերէ եկած են անոնք եւ կ'ըսեն, որ նախագահ Մաքրոնը եւ Ֆրանսայի կառավարութիւնը Ֆրանսայի մասին չի մտածեր եւ ուրիշ օրակարգեր ունի եւ այդ պատճառով երկիրն մէջ գիւղերուն ու քաղաքներուն վիճակը հետզհետէ կը վատթարանայ։
-Շատեր կը խօսին, որ երկրին մէջ իրավիճակ փոխուած է եւ քաղաքական նոր հանգրուան սկիզբ կ'առնէ: Ինչքանո՞վ ճիշդ է ատիկա ձեր կարծիքով:
Այո, երկրին մէջ նոր իրականութիւն մը կայ: Երկու տարի առաջ, երբ ո Մաքրոն յայտարարեց որ ինք նախագահական ընտրութեան պիտի մասնակցի նոր կուսակցութեամբ մը, յայտնի դարձաւ, որ անոր «Անմահ» անունով հրապարակ ելած կուսակցութիւնը պիտի «ոչնչացնէ» տիրող ձախ-ընկերվար կուսակցութիւնը։ Այդ ժամանակ ժողովուրդը պարզի առաւ, ըսաւ որ, վնաս չունի, ձախակողմեան ուժը գնաց, բայց այսօր նոր իրականութիւն մը կայ, որուն առաջնորդ Մաքրոնը եւրոպական յառաջդիմական գաղափարներ ունի։ Այդպիսով Մաքրոն յաջողեցաւ իշխանութեան գալ։ Սակայն Մաքրոնի առաջ տարած ազգային շարժումը շատ բաներ նկատի չառաւ։
Իմ կարծիքով, նախագահ Մաքրոն երբ ստանձնեց երկրին ղեկը, կը հաւատար, որ իր նախագահութեան ամենակարեւոր նախադրեալներէն մէկն է եւրոպական շահերուն պաշտպանումը եւ ան կը հաւատար, որ Ֆրանսան նեցուկ պիտի կանգնի իրեն, բայց այսօր ըստ երեւոյթին, նոր իրավիճակ կը տիրէ Ֆրանսայի մէջ եւ նախագահ Մաքրոն կարծես թէ սխալած է իր հաշիւներուն մէջ:
-Հայկական շրջանակներ ի՞նչ կը մտածեն այս ցոյցերուն մասին:
Ֆրանսահայեր այսօր բոլոր կուսակցութիւններուն մաս կը կազմեն եւ բոլոր կուսակցութիւններուն մէջ հայեր կան։ Այսօր հայ երեսփոխաններ կան ե՛ւ Մաքրոնի կուսակցութեան, ե՛ւ Սարքուզիի կուսակցութեան մէջ։ «Դեղին բաճկոնաւորներ»ուն մէջ ալ հայեր կան, այսինքն բոլոր ֆրանսացիներուն նման հայութիւնն ալ բաժնուած է տարբեր խաւերու եւ հատուածներու մէջ։ բաժնուած է:
Աղբյուրը՝ arevelk.am