Ինչպէս ոեւէ ժողովուրդի, նոյնպէս ալ մեր պատմութեան մէջ ունինք կարեւոր հանգրուաններ, որոնք խորքին մէջ նոյնինքն մեր պատմութեան երթն ու արարումը կը կազմաւորեն: Անոնք կը յիշուին ուրախութեամբ, հպարտանքով, կամ` տրտմութեամբ, կսկիծով. ի՛նչ որ ալ ըլլան, անոնք անբաժանելի ու անջնջելի մասնիկներն են մեր էութեան ու մեր պատմութեան, որ միայն երէկ չեն, այլ ե՛ն նաեւ երէկուան շարունակութիւնը` մեր այսօ՛րն են ու վաղը:
Մեր նորագոյն պատմութեան մէջ, 28 Մայիսը այդ հանգրուաններէն մէկն է. այս թուականը միայն բառ չէ, այլ բազմախաւ ու բազմախորք իմաստ, խորհրդանիշներու գումար, բայց մանաւանդ արժէքներու անխորտակելի կաղնի, որ ունի արմատ, ունի հաստաբուն ու ամուր բուն, ունի մշտադալար ճիւղեր ու տերեւներ, որոնց ամբողջութիւնը բարոսի նման կանգնած է մեր երէկին ու այսօրուան մէջ, ուղղութիւն կու տայ մեր ապագային, եթէ… տրամադիր ենք երբեմն կանգ առնելու եւ ուղղութիւն ստանալու անկէ:
Մայիս 28-ը սոսկական թուական չէ, ոչ ալ ամբողջութիւն չկազմող մասնիկներու կոյտ. Մայիս 28ը գումարն է բազմաթիւ իմաստներու եւ խորհրդանիշներու, որոնց գլխաւոր խորագիրներն են հայկական պետականութեան վերականգնում, ազատ ու ժողովրդավար հայրենիքի հիմնադրում, ահաւոր կորուստներէ ու երկունքէ ետք փրկուած ու վերածնած հայրենիք, հետեւողութեամբ մեր մշակոյթի հնագոյն դրուագներէն` Վահագնի ծնունդի նախատիպին: Չէ՞ որ անծանօթ բանաստեղծէն մնացած պատառիկը կ՛ըսէ, թէ Վահագնը ծնած է երկինքի ու երկրի երկունքէն… (թէեւ չ՛ըսեր, թէ այդ երկունքը ինչի՞ հետեւանք էր). հաւանաբար մենք մեզի կրնանք տալ իրաւունքը ենթադրելու, որ մեր ժողովուրդի ծննդոցն ալ, Վահագնի տիպարին մէջ, արդիւնք էր ահաւոր տագնապներու, աշխարհասասան գուպարներու, բոցի ու բախումներու, որոնց մէջէն ի վերջոյ կը ծնէր կրակ ու բոց մանուկը, որ «հուր հեր ունէր, եւ աչկունքն էին արեգակունք»: Մայիս 28, տակաւին, արտայայտութիւնն էր Սարդարապատով շահուած կեանքին ու փրկուած հայրենի հողի պատառիկին, որ քիչ ետք պիտի ընդարձակուէր եւ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔի վերականգնումի կտակը պիտի թողուր հետնորդներուս, մեզի ու գալիք սերուդներուն, որոնք հաւատարիմ են ու պիտի մնան այդ վսեմ ժառանգութեան, եւ որուն կատարման մէկ արտայայտութիւնը ապրեցանք երկու տասնամեակ առաջ, Արցախի ազատագրումով ու Հայ Դատի բոլոր ենթաբաժանումներուն վերախմբագրումով,
Որովհետեւ,
Ազատ, Անկախ Հայաստանի տարազը ամբողջական չէ ու պիտի չըլլայ, եթէ հրաժարինք ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆի կտակէն, որ մեզի կը հասնի վերանկախացած հայրենիքին առաջին տարեդարձը նշող` 1919ին ընտրուած խորհրդարանէն, այսինքն` հայութեան բոլոր խաւերուն ու հատուածներուն կամքը մարմնաւորող ազգային ժողովէն:
Մայիս 28ը այսօր պատմութիւն է արդէն, անկրկնելի ու անվերադարձ, ինչպէս պատմական բազմաթիւ թուականներ, եղելութիւն իմաստաւորող հանգրուաններ: Եթէ պատմական դէպքերը անկրկնելի են, այսինքն` եթէ ճշմարիտ է, որ պատմութիւնը ինքզինք չի կրկներ, ապա նաեւ նոյնքան ճշմարիտ է, որ պատմութիւնը, իր տխուր ու փառաւոր հատուածներով, է՛ ու պիտի մնայ օգտագործելի իրականութիւն, ուղեցոյց ու անփոփոխելի արժէնքերու պահպանման գանձարան:
Աւելի քան եօթանասուն տարիներու տաք ու պաղ հանգրուաններէ ետք, աւելի քան քսան տարի առաջ, մեր հայրենիքը` Հայաստան, վերանուաճեց անկախ պետութիւն ըլլալու իրաւունքը: Ճիշդ է, Անդրանիկ Հանրապետութեան շարք մը արժէքները վերագտան իրենց արդար տեղը` մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին կեանքին մէջ, սակայն բազմաթիւ ժառանգութիւններ կը սպասեն վերահաստատման: Քսան տարիէ ի վեր ունինք ազգային Քայլերգը, վերականգնած է տասնամեակներ շարունակ հալածական Եռագոյնը, պետական կառոյցներ ու հաստատութիւններ նմանապէս վերստին հունաւորած են 1920-21 տարիներուն պարտադրաբար ընդհատուած բազմաթիւ գիծեր` համալսարան, բանակ ու այլ ազգային հարստութիւններ, արժէքներ, սակայն 28 Մայիսի Հայաստանով իրականացած ու հետնորդներուս ժառանգ թողուած նո՛յնքան կարեւոր արժէքներ կը մնան իրագործելիներու ցանկին վրայ: Այլ խօսքով, անկախութեան վերանուաճումով մեր ապրած հպատանքն ու հոգեկան ցնծութիւնը, ամբողջական դառնալու համար, տակաւին փշոտ ճամբաներ ունի յարդարելիք: Եւ ահա այս է գլխաւոր պատճառը, որ այսօր, Հայաստանի անդրանիկ Հանրապետութեան հիմնադրութեան տօնը, յաղթանակի ու հայրենիքի-ժողովուրդի փրկութեան յիշատակումի ցնծալի յիշատակը ըլլալու կողքին, մեզի համար է՛ ու կը մնայ կենսագործելի ծրագիրներու պատուանդան:
Իրագործելի երազ կը մնայ լիիրաւ ժողովրդավարութեան վերականգնումը: Խորհրդային տարիները դալկացուցին, տժգունեցին ու իմաստազրկեցին բազմաթիւ հիմնական արժէքներ, որոնց կու տանք նաեւ երկրի մը ու ժողովուրդի մը Բարոյականին Հիմունքները կոչումը (չենք անտեսեր Սփիւռքին պարտադրուած այլօրինակ տժգունացումները, սակայն երբեք պէտք չէ մոռնանք, որ Հայաստանը մեր լինելութեան առաջին ու վերջին կռուանն է): Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան խորհրդարանը շատ աւելի հարազատօրէն կը մարմնաւորէր այդ օրուան հայութեան “տարբաղադրութիւնը“, նոյնինքն Հայաստանի ժողովուրդին մարդագրական պատկերը, քան ինչ որ կը տեսնենք այսօր. նորագոյն փաստը` դեռ քանի մը շաբաթ առաջ տեղի ունեցած ընտրութիւններն էին, որ ձեւով մը աւելի՛ եւս արմատաւորեց անհարազատ ա՛յն կացութիւնը, որուն հետեւանքով, սակաւապետներու խմբակ մը մասնակի շահեր մարմանւորող կամք մը կը պարտադրէ հայրենիքին ու ժողովուրդին, անփոյթ վերաբերմունքով կը դիտէ երկրին պարպումը, տնտեսական ու ընկերային նահանջները: Ճիշդ է. այսօրուան աշխարհին մէջ Հայաստանը միակ երկիրը չէ, ուր դարերու պայքարի ու միտքի արգասիքի արդիւնք եղող արժէքներ կը փոշիացուին, ետդարձի կը մղուին: Ժողովուրդի՛ն կամքի արտայայտութիւնը եղող ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆը, քաղաքական այս հասկացութիւնը իմաստազրկուած է քիչ մը ամէն տեղ, ինչպէս որ դալկութեան ու նենգափոխութեան ենթարկուած են Ընկերվարութիւն ու Ընկերային Արդարութիւն, Ազգայնականութիւն ու Հայրենասիրութիւն կոչուած արժէքները: Եթէ համայնավարութեան խորշակը այրեց ու ածխացուց այդ անսակարկելի արժէքները, վերանկախացած պետութեան մէջ, իշխանաւորին ու ընդդիմադիրին համահաւասար պարտականութիւնն էր անոնց վերականգնումը, սխալ ազդեցութեանց ջնջումն ու հայրենիքին իսկական բարգաւաճումը: Մինչդեռ, Երեւանի այսօրուան պատկերը աղաղկող ապացոյց է, թէ ինչպիսի՜ մանր հատուած մը նենգափոխած է ու այլանդակ մենաշնորհի վերածած` բարգաւաճում, բարելաւում ու մանաւանդ ժողովրդավարութիւն կամ ընկերային արդարութիւն արժէքները:
Ահա թէ ինչո՛ւ 28 Մայիսը այսօր ու դեռ երկար ժամանակ պիտի մնայ խօսուն ու գործադրելի պատգամ, սոսկական հանգրուան մը իբրեւ` մեր պատմութեան մէջ «անցեալ» անունով արձանագրուելէ առաջ: Հայաստանի հողերուն ընդարձակման, այսինքն` մեր հողային իրաւուքները լիութեան հասցնելու կողքին, ու անկէ ալ առաջ, անդրանիկ Հանրապետութենէն մեզի կը մնան փոխադարձ հանդուրժողութեան, իսկական ներկայացուցչական իշխանութեան, երկրի համաչափ զարգացման ու բարգաւաճման, իսկական ազատութիւններու, եւ ոչ միայն ներածուած-պարտադրուած ազատական գաղափարներու կենսագործումը:
Մերժելի են ու մերժելի պիտի մնան բոլոր այն «ներածուած» դրոյթներն ու կրօնական-ընկերային-տնտեսական (ու դեռ շատ մը այլօրինակ) մտածողութիւններն ու կենսափորձերը, որոնք հարազատ չեն մեր ժողովուրդի նկարագիրին, էութեան, պատմութենէն եկած ու դարերու ընթացքին կոփուած արժէնքերուն: Արեւմուքի թափօններուն հետեւելու, զանոնք կապկելու ու անոնց մէջ նոր դարու քաղաքակրթական «բարձր արժէքները», «մարդկային ազատութիւնները» որոնելու մոլորուածքը ոչ հայրենակերտում են, ոչ ալ արդիականացումի հետամտութիւն, այլ համազօր են ինքնալքումի, գլխագիր այլասեռումի, հայրենակործանումի, ու կը նմանին հրաժարելու այն արժէքներէն ու աւանդներէն, որոնք մեզի ժառանգ ու կտակ թողուած են 28 Մայիսի Հայաստանէն, նաեւ մեր պատմութիւնն ու ժողովուրդը կերտած նախընթաց հանգրուաններէն:
Ըսինք ու կը կրկնենք. պատմական հանգրուանները անկրկնելի են, սակայն անոնց թողած հետքերը անջնջելի են, պէտք է պահպանել իբրեւ անջնջելի աւանդ ու ժառանգութիւն: Եւ թող ո՛չ ոք այս մտածողութիւնը փորձէ արձանագրել «հնամենի»ի կամ «ժամանակավրէպ»ի խորագիրին տակ:
Որովհետեւ`
Ժողովուրդներու ու անոնց հայրենիքներուն կեանքին ու պատմութեան հոլովոյթին մէջ կան յարատեւօրէն փոփոխուող տարրեր, սակայն նաեւ անփոփոխելիներ, ինչպէս կը թելադրեն ուսողութեան տարազները` իրենց փոփոխական ու անփոփոխելի մասնիկներով (variables and constants):
Բնականաբար, ժողովուրդին ու զայն մարմնաւորղ իշխանութիւններուն կը մնայ շինծու ու օտարոտի ազդեցութիւններէն հեռու կանգնիլն ու սեփական ճակատագիրի տնօրինումը: Այդ ընելու համար, 28 Մայիսէն ու պատմական նման հանգրուաններէ մեզի հասնող անփոփոխելի պատգամները ե՛ն ու պիտի մնան մնայուն արժէքներ, որոնց տէրը մեր ժողովուրդն է, ամբողջ հայութիւնը` Հայաստանի թէ Արտերկրի զաւակները:
Ս․ Մահսէրէճեան