Մայր, անունը Հայաստան

23 Հոկտեմբերի 2015

Ըստ պաշտօնական տուեալներու՝ Հայաստանի բնակչութեան աւելի քան 32 տոկոսը աղքատ է։ Սա կը նշանակէ, որ Հայաստանի 3 միլիոն բնակիչներէն շուրջ 1 միլիոնը իր ապրուստի նուազագոյն կարիքները հոգալու շատ մեծ դժուարութիւն ունի։

ՄԱԿի բնորոշումով՝ աղքատ կամ չքաւոր կը համարուին այն ընտանիքները, որոնց անդամները օրական 2 տոլարէն նուազ եկամուտ ունին։ Եթէ Հայաստանի մէջ 4 անդամներէ բաղկացած ընտանիքի մը եկամուտը օրական 4 հազար դրամէն պակաս է, ապա այդ ընտանիքը կը դասուի աղքատներու շարքին։ Այստեղ, բնականաբար, հարց կը ծագի, թէ ի՞նչ է տարբերութիւնը օրական 5 կամ 6 հազար դրամ եկամուտ ունեցող ընտանիքներուն եւ 4 հազար դրամ կամ պակաս գումար վաստակող ընտանիքներուն միջեւ։ Կենցաղային, ապրուստի մակարդակը որակապէս կը փոխուի՞ օրական 5 հազար դրամ եկամուտ ունեցող ընտանիքներուն պարագային։ Դժուար է պատկերացնել որեւէ տարբերութիւն։ Ուրեմն, Հայաստանի չքաւոր ընտանիքներուն թիւը շատ աւելի է, քան այն, ինչ մեզի կը հրամցուի պաշտօնական տուեալներով։ Աղքատութիւնը ուսումնասիրող որոշ մասնագէտներ եւ վերլուծաբաններ կը պնդեն, որ ՄԱԿի ճշդած չափորոշիչներով աղքատութիւնը կարելի չէ չափել Հայաստանի մէջ, եւ իրականութեան մէջ՝ չքաւոր բնակչութիւնը կը կազմէ երկրի ընդհանուր բնակչութեան աւելի քան 40 տոկոսը, այսինքն՝ Մայր Հայաստանի մէջ մէկ միլիոն երկու հարիւր հազար հայ ապրուստի նուազագոյն կարիքները հոգալու հնարաւորութիւն չունի…

Աղքատութիւնը շատ աւելի շեշտուած եւ ակնյայտ է շրջաններուն՝ գիւղական համայնքներուն, ինչպէս նաեւ 1988ի երկրաշարժէն մեծապէս տուժած ու «աղէտի գօտի»ի վերածուած քաղաքներուն եւ աւաններուն մէջ։ Շատ յաճախ այս բնակավայրերէն է, որ մեծ թիւով հայեր, ճարահատեալ եւ անյոյս՝ կ՛արտագաղթեն դէպի Ռուսիա եւ այլ երկիրներ։ Ոմանք կ՛երթան ընտանիքներով, իսկ ուրիշներ, մասնաւորաբար երիտասարդ տղամարդիկ եւ ընտանիքի հայրեր, կին ու քոյր, զաւակ ու մայր կը թողուն իրենց ետին եւ կը մեկնին «խոպան», իրենց հարազատներուն աւելի բարեկեցիկ կեանք շնորհելու յոյսով։ Հայաստանի մէջ կան գիւղեր եւ փոքր բնակավայրեր, ուր տղամարդոց թիւը այնքա՛ն պակսած է, որ անոնք ընդհանրապէս չեն երեւիր փողոցներու եւ համայնքային կեդրոններու մէջ։ «Գնացել են խոպան, փող աշխատելու», կը պատասխանեն երեխաները, երբ անոնց հարց տաք՝ «Ու՞ր են ձեր հայրիկները»։

Ըստ որոշ ուսումնասիրութիւններու՝ 0-14 տարեկան 600 հազար երեխաներէն աւելի քան 200 հազարին հայրերը արտագաղթած են Հայաստանէն՝ յուսալով, որ պիտի կարենան աւելի լաւ աշխատանք ունենալ եւ աւելի արժանապատիւ կեանք պարգեւել իրենց ընտանիքներուն։

Այսինքն, Հայաստանի երեխաներուն շուրջ 40 առ հարիւրը զրկուած է բնականոն ընտանեկան կեանքէ եւ մանկապատանեկան տարիներու մեծ մասը կ՛ապրի առանց հայրիկի։ Հոգեբաններն ու ընկերաբանները հաւանաբար կրնան եզրակացնել եւ բացատրել, թէ այս երեւոյթը ի՛նչ հետեւանքներ կրնայ ունենալ հայրիկի ներկայութենէն զրկուած երեխաներու հոգեմտաւոր զարգացման վրայ։ Այս արդէն լուրջ ուսումնասիրութեան նիւթ է եւ իմ կարողութենէս վեր։

Այլ հարց է նաեւ այն ընտանիքներուն պարագան, երբ արտագնայ աշխատանքի մեկնած հայրերը կը ձախողին իրենց առաքելութեան մէջ եւ նոր ու շատ աւելի բարդ դժբախտութիւններու պատճառ կը դառնան, ինչպէս օրինակ՝ մեր հարեւան փոքրիկն Իշխանին եւ իր ընտանիքի պարագան։

Այս մասին, սակայն, յաջորդ նամակով։

  

Րաֆֆի Տուտագլեան

 

Աղբյուրը՝ www.arevelk.am

ԱՎԵԼԱՑՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆԸ