Երէկ իրիկուն մինչ կը պատրաստուէի այսօր մեկնելու համար Երեւան՝ մասնակցութիւնս բերելու մեր պատկանած կազմակերպութեան համաժողովին, որոշ միտքեր պատեցին զիս, ինչ կը վերաբերի մեր եւ ընդհանրապէս Հայ ժողովուրդը յուզող հարցերուն:
Միտքերս տարին զիս դէպի այն գիրքը, որ ատենին կարդացած էի ու հիմա իր կարգին տղաս կը կարդայ միւս սենեակը նստած…
Գիրքին անունը «The Lexus and the Olive Tree»: Հեղինակը «Foreign Affairs» պարբերականի ծանօթ վերլուծաբան Թոմաս Ֆրիտմըն: Անոր բովանդակութիւնը ընդհանրապէս կը վերաբերի համաշխարհայնացման (Globalization) երեւոյթին, սակայն անոր մէջ գլուխ մը կայ, որուն մօտ կանգ պիտի առնեմ՝ զայն քեզի հետ բաժնելու համար սիրելի ընթերցող:
Վերոյիշեալ գլուխին մէջ լրագրողը կը պատմէ իր Թոքիօ այցելութեան մասին, որուն ընթացքին ան այցելած է անոր հարաւը գտնուող Թոյոթա Սիթի քաղաքը՝ ականատես ըլլալով Լեքսըս ինքնաշարժի արտադրութեան աշխատանքին, որ գերազանցօրէն բարձր արհեստագիտութեամբ (technology) կը կատարուի՝ 310 ռոպոթներով ու մարդկային ձեռքի նուազագոյն մասնակցութեամբ…
Ապշած գիտութեան այս յառաջդիմութենէն ու տուեալ ինքնաշարժին գերարդիական տուեալներէն, Ֆրիտմըն կը նստի ճեպընթաց վերադառնալու մայրաքաղաք: Ճամբորդութեան ընթացքին ան կը սկսի կարդալ ճեպընթացին մէջ գտնուող «Հերըլտ Թրիպիւն» թերթը, որուն մէջ կը հանդիպի Միջին Արեւելքի լուրերուն՝ յատկապէս Պաղեստին-Իսրայէլ հարցին վերաբերող… ու բաղդատական մը ընելով կը խորհրդածէ, թէ մինչ աշխարհ ո՜ւր է եւ ի՜նչ կ՛արտադրէ՝ հոն աշխարհի այդ անկիւնին մէջ, մարդիկ անտեղեակ կամ առանց անդրադառնալու՝ տակաւին զբաղած են կռուելով, թէ… ո՞ր ձիթենիի ծառը որուն կը պատկանի… Անշուշտ պատկերը փոխաբերական իմաստ կը կրէ իր մէջ՝ մտածելու լայն հորիզոններ բանալով…
Բացուած հորիզոնին նայելով ես ալ իմ կարգիս կը մտածեմ, թէ մինչ Հայ ժողովուրդը կ՛ապրի պատմական անկիւնադարձային եւ տագնապալի օրեր Սփիւռքի թէ Հայրենիքի մէջ, մինչ գաղութներ կը նօսրանան… Հայ լեզուն ու մշակոյթը կը նահանջեն… Հայրենիքը իր բնակչութենէն կը պարպուի… անոր ամենալաւ տղաքը ճակատին վրայ կ՛իյնան… եւ Հայրենի սահմանները վտանգուած են, մենք տակաւին ժողով-ժողով կամ ընդդիմութիւն մընդիմութիւն կը խաղանք ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս այն օրերուն, որ ամէն բան լաւ էր (այս մէկը կը վերաբերի անշուշտ Հայ ժողովուրդի բոլոր հատուածներուն ու հաստատութիւններուն Հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ, սակայն մեզի հետ առնչուող առիթը օգտագործելով է, որ կը գրեմ ուրիշներ չվիրաւորելու փափկանկատութեամբ):
Մինչ վերոյիշեալներուն հետեւանքով Հայ ժողովուրդի ամբողջ էութիւնն ու գոյութիւնը շատ մը տեղեր հարցական կը դառնայ, մենք տակաւին կը կռուինք, որ մեզմէ ո՞վ ժողովներու նկարին մէջ լաւ դիրքով պիտի ելլէ… կամ ո՞վ ատենապետ պիտի ըլլայ…
Հասկցողին շատ բարեւ…
Սեւակ Յակոբեան
Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր