Օրերս ՀՅԴ շարքերից վտարվեց հայոց նորագույն զինյալ պայքարի հերոսներից մեկը՝ Անդրանիկ Պողոսյանը:
Ստորև ներկայացնում ենք նրա բաց նամակը այդ առիթով:
Սիրելի Դաշնակց...ական Ընկեր-Ընկերուհիներուս.
Ինծի համար աներեւակայելին այսօր արդէն իրականութիւն դարձաւ, և 45 տարուան Դաշնակցականի ծառայութիւնս պսակադրուեցաւ շարքերէն հեռացումով:
Անշուշտ որ դաշնակցական շարքայինի կարգավիճակը ինծմէ զաւթելով, ոչ ոք կրնայ մէջէս խլել Դաշնակցութիւնը` որուն նպատակներուն իրականացման համար, և որուն ճամբով՝ կեանքիս իսկ գնով ժողովուրդիս ծառայելու երդում տուած եմ:
Այսօր հոգիս խաղաղ է և խիղճս հանգիստ, որ մինչև այս օրս ես խղճամտօրէն ծառայեցի այնպէս ինչպէս թելադրած և դաստիարակած են մեր Մեծերը, որոնք երբէ՛ք չթոյլատրեցին անձնական շահերու և իշխանութեան գերակայումը իտէալներու վրայ: Մենք սորվեցանք որ Դաշնակցութեան գործը դժուարին է, պահանջկոտ է, զոհաբերութեան կը կարօտի, և ոչ թէ այս կամ այն իշխանաւորին փառվելով նիւթական բաւարարութիւն փնտռելուն մէջ է:
Սիրելի Ընկերներ,
Անցնող քանի մը օրերը ինծի համար դժուար օրեր էին, սակայն ոչ այնքան դժուար որքան անցնող 10 տարիները, երբ առօրեայ դրութեամբ կը տեսնէի եւ տակաւին կը տեսնեմ մեր կուսակցութեան 128 տարուան պատմութեան մէջ նման նախընթաց չունեցող՝ անդունդն ի վար գահավիժումը եւ արժեհամակարգերու խախտումը։ Կը տեսնեմ թէ ինչպէս իշխանութիւն պարտադրելու համար, Դաշնակցութեան գաղափարական և արժէքային համակարգը կ‘ոտնակոխուի սուտ և կամայական գործադրումովը կանոնագրին: Առօրեայ դրութեամբ ականատես կ՛ըլլամ Դաշնակցութեան հեղինակազրկումին, ղեկավարութեան ոչ դաշնակցականավայել եւ նիւթապաշտ կեցուածքին, փտտածութեան, կազմակերպական կազմալուծումին, սուտին, անպարկեշտութեան, սփիւռքի մէջ մեր կազմակերպական կառոյցներուն թուլացման եւ անդամալուծութեան. շարքը երկար է: Եւ այսպէս, շարքերուն մէջ ազնւութեան, ազատ մտքի արտայայտութեան դէմ անխնայ և արտա- ու հակա-կանոնագրային հաշուեյարդարի արշաւը, որ սկիզբ առաւ ամիսներ առաջ` հիմա ալ եկաւ-հասաւ ինծի:
Վստահ եմ որ բոլորդ քաջածանօթ եք այս վիճակին, նոյնիսկ անոնք որոնք տարբեր նկատառումներով լուր կը մնան, լաւ գիտեն թէ վիճակը որքան ծանր է մեր կուսակցութեան համար ։
Ես այս բոլորի մասին բարձրայանած եմ (ինծմէ առաջ ու իմ հետ ալ շատեր) կուսակցական ժողովներու ընթացքին, սակայն եկէք իրար չխաբենք, այս վերջին տարիներուն մեր կուսակցական ժողովները ո՞ր հարցերը լուծելով հետաքրքրուած են, ո՞ր ներկուսակցական խնդիրներուն լուծում տուած են որ հիմա այս եւ այլ հարցերը լուծեն։ Ժողովներուն նման նիւթերու արծարծումը միշտ ալ հանդիպած է արգելակումի եւ չէզոքացման։ Աւելի ճիշդը, վերջին տարիներուն մեր կուսակցական ժողովները ծառայած են միմիայն եղած մարմինները վերարտադրելուն։ Ես այս բոլորին մասին բարձրաձայնեցի նաեւ կուսակցական ընկերներու յատուկ պլոկի մը մէջ, բարձրաձայնեցի համոզումով եւ հաւատքով որովհետեւ կը հաւատամ մեր կուսակցութեան անցեալին եւ կը հաւատամ տակաւին ապագային, սակայն ոչ ներկային՝ այն ալ այս ձախող ղեկավարութեամբ։ Բարձրաձայնեցի որովհետեւ կը հաւատամ ազատ կարծիքի փոխանակման եւ հաղորդակցութեան միջոցով հարցերու յստակեցման ու բիւրեղացման. ես գիտակցաբար ըրի ինչ որ ըրի, իմ խղճիս հետ համահունչ: Անոնք որոնք այս իրավիճակը ստեղծեցին եւ մեր կուսակցութիւնը մխրճեցին այս լաբիւրինթոսին մէջ, պէտք է վերադառնան իրենց խղճին եւ հարց տան իրենք իրենց, թէ այն ինչ կը տեսնեն, այն ինչ կը կարդան, այն ինչ կը լսեն՝ որքանով համահունչ է, որքանով կը համապատասխանէ մեր կուսակցութեան սկզբունքներուն կամ որքանով կանոնագրային է, ինչպէս կը սիրեն շեշտել կարգ մը ընկերներ։
Ընկերներ, ես առանց վարանելու, իմ գաղափարական համոզումներէն մեկնելով, պատրաստ եղած եմ կեանքս նուիրաբերելու մեր կուսակցութեան։ Այս կամայական որոշումով ես շարքերէն կը հեռացուիմ, բայց Դաշնակցութենէն հեռու չեմ մնար։ ՜Հոգիով ու սրտով, բայց մանաւանդ մտածումներով եւ սկզբունքներով կը մնամ ձեզի հետ, եւ կը հաւատամ, որ առողջ մտածելակերպը պիտի յաղթանակէ եւ խաւարամտութիւնը դուրս պիտի դրուի մեր իրականութենէն։ Հիմա համախմբուելու եւ աշխատելու ժամանակն է։ Եկէք վերջ դնենք անձիս հետ կապուած ՚փառափանանքի կամ գնահատանքի զգացական արտայայտութիւններուն եւ վերադառնանք սառը դատողութեամբ ելքեր գտնելու հրամայականին։

Այս իրավիճակը կարելի է փոխել հաւաքական կամքով, հետեւաբար ստիպուած ենք գործի լծուելու եւ շրջելու ստեղծուած կացութիւնը եւ վերադարձնելու մեր կուսակցութիւնը իր ազգանուէր գործին եւ գաղափարական ուղեգիծին: Կը յուսամ, որ այս պայքարին մէջ բոլորս միասին կ՚ըլլանք՝ յանուն բոլոր դժուարութիւններու յաղթահարման, յանուն մեր կուսակցութեան փայլուն ապագային։
Ընկերական Բարեւներով
Անդրանիկ Պօղոսեան
Երեւան 18/05/2018
Ընկերական Բարեւներով
Անդրանիկ Պօղոսեան
Երեւան 18/05/2018