Թուրքիոյ մէջ ընթացող գործընթացները կրնան ծանր ազդեցութիւն ունենալ երկրի բնակչութեան կարեւոր մէկ բաղկացուցիչը համարուող քիւրտ ազգաբնակչութեան համար: Երկրի արեւելեան հատուածներուն մէջ սկիզբ առած եւ ցարդ շարունակուող զինուորական գործողութիւնները, սպաննութիւնները, ճնշումները եւ ձերբակալութիւնները կը յուշեն այն մասին, որ թրքական պետութեան համար այսօր թիւ մէկ խնդիրը քրտական հարցն է: Չնայած անոր, որ քաղաքական գետնի վրայ քիւրտերու անունով խօսող HDP-ն մեծ ճիգեր կ’իրականացնէ իրադրութիւնը քաղաքական դաշտին մէջ պահելու, երկրի իշխանութիւնները ամէն գնով կը փորձեն զինուորական բախումներուն շրջանագիծը պահել բաց եւ նոյնիսկ քաղաքական միաւորներ քաղել այդ բախումներուն եւ դէպքերուն ընդմէջէն:
Պոլսահայ մտաւորական Էթյէն Մահչուպեան, երբ առիթով մը ըսաւ, թէ Թուրքիոյ մէջ հայկական հարց գոյութիւն չունի այլ կայ քրտական հարց բոլորը մէկ ելան զինք քննադատելու: Ու իրաւամբ կարեւոր է հասկնալ , թէ ինչ տեղի կ’ունենայ այսօր Թուրքիոյ մէջ: Մէկ բան յստակ է, որ նոր խորհրդարանի կազմուելէն ասդին Թուրքիոյ վարչախումբը յաւելեալ զիջումներ կը սպասէ, ոչ թէ զինեալ պայքար տանող PKK-էն այլ քաղաքական բեմադաշտին մէջ ձայն ունեցող HDP-էն: Տակաւին երէկ Տիարպէքիրի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւնը, որուն զոհին ՝ Թահիր Էլչիին արիւնը տակաւին չէ չորցած կրնայ յաւելեալ շահարկումներու տուն տալ: Արտաքին գործօն, ռուս- թրքական նոր թնճուկ, սուրիական պատերազմ եւ քաղաքական դաշտին մէջ միահեծան ուժ դառնալու ձգտող AKP -ի ուժի փորձառկում: Նման ահաբեկչական գոծերուն պարագային պետական խաղատոմսեր ունեցողներուն համար բնաւ ալ կարեւոր չէ իմանալ սպաննութեան իրական հասցէն: Կարեւորը սպաննութեան իբր հետեւանք սկսելիք գործընթացն է ու առաջին անգամը չէ, որ Թուրքիոյ մէջ «քաղաքական արիւն» կը հոսի:
Հոս պէտք է միով բանիւ հասկնալ, որ քրտական գործօնը կրնայ աւելի մեծնալ եւ դառնալ մեծ խնդրի հիմնական առանցք: Թուրքիան կրնայ ցնցուիլ այո, բայց թրքական հողերու մասնատումին կամ քրտական պետութիւն մը ստեղծելու մասին ձեւակերպումները այս հանգրուանին գործադրուելու գետին չունին: Այս ընդհանուր վիճակին մէջ մեզի համար կարեւոր է նորէն եւ սառը աչքով կարդալ դէպքերուն ենթաթեքստերը: Մենք իբրեւ հայեր ինչ ունինք տալիք քիւրտերուն (եթէ տալիք ունինք): Կարեւոր է նաեւ, որ տեղի ունեցող դիպաշարին մէջ իբրեւ վառօդ եւ հրդեհի փայտ զոհ չերթանք: Չչարաշահուի հայկական խնդրի ամէնէն յետին մանրամասնութիւնը: Իսկ վերադառնալով Էթյէն Մահչուպեանի մօտեցումին կարելի է ըսել նաեւ, որ քրտական հարցի ծալքերէն հեռու է հայկական հարցը:
Այս երկու խնդիրները պէտք չէ փոխկակացել: Ճիշդ է, որ գետնի վրայ քիւրտն է, որ զէնք կը բարձրացնէ առանց յաճախ խորհելու, որ իր զինեալ պայքարը կրնայ զինք հերթական զոհի կարգավիճակի կրակին մէջ նետել: Սակայն հայկական հարցի ընդհանուր էութիւնը եւ այդ խնդրի ճանաչման, իրաւական եւ հատուցման տարբեր երեսակները կրնան նոյնիսկ հակասութիւն ստեղծել քրտական գործօնին հետ:
Այսպիսի պարագաներու մեր ժողովուրդին համար ամէնէն խոցելին ծրագրիր չունենալն է:
Այ՛ո, մենք քրտական գործօնին դիմաց պատրաստի ծրագիր մը չունինք:
Զբաղած ենք մտամարզանքներով եւ ցեղասպանութիւնները կանխարգիլելու մեր «մտատանջութեամբ», գործընթացներ, որոնք վստահ եմ, որ ամուլ են եւ նոր ճանապարհ բանալու հիմքեր չունին:
Յուսալի է, որ մենք գիտակցինք այս բոլորը, որովհետեւ զոհի ու զոհուողի կարգավիճակի մէջ անգամ մը եւս յայտնուիլը կրնայ շատ աւելի թանկ արժել մեզի, քան 1915-ի արհաւիրքը:
Ս. Արեան
Աղբյուրը՝ zilkhosk.com