Անկեղծօրէն ըսեմ: Ես բան չհասկցայ Սուրիոյ մասին եղած Նիւ Եորքեան տարակարծութիւն-բանակցութիւն-համաձայնութիւն-անհամաձայնութիւններէն:
Շարունակեմ անկեղծօրէն ըսել. ես այս չորս-հինգ տարիներու եղածներէն ընդհանրապէս բան չեմ հասկնար:
Չեմ հասկնար թէ ո՞վ է աւելի դժբախտը, երկրին իշխանութիւնները որոնց ժողովուրդի զաւակներէն հարիւր հազարաւորներ սպաննուեցան յաճախ զոհ դառնալով նոյնինքն պետութեան արձակած հրթիռ-տակառ-ռումբերուն, թէ՞ ազատութեան եւ տէմոքրաթիայի ձգտող յեղափոխութիւնը սկսողները, որոնք այսօր ուրիշներու ձեռքը խաղալիք դարձած են: Չեմ հասկնար, թէ՞ երջանիկ են երկուքն ալ եւ... ո՛չ ասոր, ո՛չ միւսին հոգն է երկրին ու ժողովուրդին դժբախտութիւնը, իւրաքանչիւրը իր փոքր կամ մեծ պալատներն ունի, ունի իր թիկնապահները, յարգանք կը վայելէ, եւ... ի՜նչ կ'ըլլայ քիչ մըն ալ (միլիոններ) թող մուհաճիր դառնան, քանի մը (հարիւր հազար) սուրիացիներ ալ թող զոհուին:
Չեմ հասկնար, թէ ինչո՞ւ Սուրիան քանդուեցաւ: Կ'ըսեն թէ Իսրայէլին շահը այդպէս կը պահանջէ: Իսրայէլին շահը կրնայ ամբողջ աշխարհի քանդումը պահանջել, ուրեմն ամբողջ աշխա՞րհը պիտի քանդէ եթէ կարենայ: Իսրայէլ չի՞ կրնար սխալիլ. անշուշտ կրնայ սխալիլ, երբ պետութիւններ կը տկարացնէ, անոնց փոխարէն հարիւր հազարաւոր ծայրայեղականներ կը ծնի իր շուրջ, որոնց համար անձնասպանական գործողութիւններ իրականացնելը ամէնէն կարճ ճամբան է դրախտ տանող, ուստի վաղը մեծ փորձանք կրնան ըլլալ ասոր կամ անոր գլխուն նոյնիսկ եթէ իրենց հրամայողները ծախուած մարդիկ ըլլան:
Կ'ըսեն թէ հզօր պետութիւններուն շահերը այդպէս կը պահանջեն:
Եւրոպայի մեծ պետութիւններուն շահե՞րն ալ այդպէս կը պահանջեն: Չեմ հասկնար. Կամ ե՛ս անխելք եմ, կամ Եւրոպական պետութիւնները խելք չունին, կարճատես են: Միայն այսօրուան մասին կը մտածեն: Քանի մը սէնթ շահելու յոյս ունին: Անոնք շահածնին ու չշահածնին վաղը հոն ապաստանածներուն պիտի չվերադարձնե՞ն, որոնք իրենց կրօնքով ու հաւատալիքներով, սովորութիւններով ու կենցաղով պիտի Եւրոպային տիրեն, փոխելէ ետք անոր դիմագիծը: Ուրեմն: Կը կրկնե՛մ՝ չեմ հասկնար: Չեմ հասկնար ու աւելի կը խճճուիմ եթէ փորձեմ խելացի ու գիտակ մարդոց մեկնաբանութիւնները լսել, որոնք սակայն կը պնդեն, թէ այս ամէնը դրամի համար է: Դրա՞մ, երկրագունդի ամէն դրամը կ'արժէ՞ մէկ մարդու կեանք իսկ.... չեմ հասկնար, չեմ կրնար հասկնալ անհասկնալին:
Ռուսիա-Ամերիկա յարաբերութենէն բոլորովին բան չեմ հասկնար: Իրա՞ր կը ճանկրտեն այլոց մարմիններու վրայ, թերեւս: Արդեօք խեղճ Եւրոպան ճանկրտող թէ՞ Ճանկրտուող է: Ի՜նչ գիտնամ:
Ամէնէն պաղարիւնը, կարծես Իրան-Պարսկաստանն է. չեմ կրնար հասկնալ, թէ ուրտեղէ՞ն այսքան ինքնավստահութիւն այս հինէն, շա՜տ հինէն եկող եւ պատմութեան վերիվայրումներուն դիմացող Հայաստանին դրացի այս երկրին:
Հայաստան բառը ինծի յիշեցուց, որ զիս ամէնէն շատ հետաքրքրողը ի հարկէ հայերն են: Անմիջապէս յիշեցի նաեւ Շահնուրեան բնութագրումը հային, որ «Խելացի, ուշիմ եւ գործունեայ ցեղի մը զաւակը ըլլալուն հակառակ, այդ յատկութիւնը ի սպաս կը դնէ միայն իր կաշիին շահերուն», եւ չհասկցայ, թէ այս անգամ ինչու անմիջապէս համաձայնեցայ Շահնուրին հետ, թերեւս այն պատճառաւ, որ ականատես կ'ըլլամ հայութեան հետ կապուած այս օրերու սուրիական դէպքերու ընթացքին հաւաքական մեր աշխատանքի նիւթական օգնութենէն անդին չանցնելուն, եւ ես չեմ հասկնար, թէ ինչու սուրիահայութեան մասնիկ հալէպահայութեան մասին չմտածեցինք որպէս ԳԱՂՈՒԹԻ, չմտածեցինք Գաղութը փրկելու մասին: Ճի՛շդ է, հայ ժողովուրդի զաւակները ամէն տեղերէ իրենց լուման բերին, հաւաքուած գումարները ՏՆՕՐԻՆՈՂՆԵՐԸ, սակայն ձեռք մեկնեցին անհատ հայերու, քիչ թէ շատ օգնելով անոնց նիւթական կարիքներու հոգալուն քիչ մը ամէն տեղ:
Ըսող պիտի ըլլայ. «Դպրոցներուն օգնելը հաւաքական մտածողութեան դրսեւորում չէ՞»:
Այո՛, այո՛, դպրոցներուն եղած օգնութիւնը հաւաքականութեան մասին հաւաքական մտածողութեան դրսեւորում է, եւ հաւանաբար դպրոցը հայութեան պահպանման միակ գրաւականն է այսօր Հալէպի մէջ եւ եթէ հայկական դպրոց երթալու հնարաւորութենէն զրկուի հայ մանուկը, անոր ընտանիքը մէկ վայրկեան առաջ կը հեռանայ այս քաղաքէն: Սակայն հայկական դպրոց յաճախելու հնարաւորութիւնը ոեւէ մէկ անհատ չի կապեր այս քաղաքին հետ եւ ան անընդհատ հեռանալու ճամբաներ կը փնտռէ: Իմ չհասկցածս այն է, թէ ինչո՞ւ մեր հեռանալ-մնալու որոշումները հաւաքաբար առնելու փորձեր չեղան: Ինչո՞ւ հաւաքաբար ամբողջ գաղութին ճակատագիրը որոշելու փորձեր չեղան. Թէ՞ եղան, սակայն ես տեղեակ չեմ եւ իրաւունք չունիմ գիտցած-չգիտցածներուս մասին խօսելու:
Եթէ այդպէս է, գոնէ ինքզինքիս հարցնեմ. «Այս որոշումները ե՞րբ պիտի գործադրուին, երբ ամէն մարդ անհատապէս իր գլխուն ճարը տեսսծ ըլլայ եւ հեռանայ, երբ արդէն հոս քանի մը մնացողները, գլուխնին ուր եւ ինչպէս պահել չգիտնա՞ն»:
Չեմ հասկնար:
Ու կը մեղքնամ այս ազգին, որ խելքը շատ մեծաթիւ զաւակներ ունենալով հանդերձ, ամէնէն դժբախտ ազգերէն մէկը եղած է ամբողջ պատմութեան ընթացքին, որովհետեւ իր զաւակներէն իւրաքանչիւրը իր կաշիին մասին մտածած է: Որովհետեւ նախարարը ոչ միայն մերժած է իր թագաւորին զինուոր տալ, այլ զայն յանձնած է թշնամիին, որովհետեւ իր կալուածին տիրութիւնը նախընտրած է ամբողջ երկրին ապահովութենէն:
Ու կը շարունակեմ չհասկնալ:
Այսօր, կարծէք թէ կարգը շերեփներուն գալու ժամանակը կը մօտենայ: Վաղ թէ ուշ կողմերը պիտի բանակցին եւ պիտի բաժնեկցին: Մենք բաժնեկցելու բան չունինք եւ ոչ ալ որեւէ բանի վրայ աչք ունինք, բայց շատ կը վախնամ, որ բոլորովին անտեսուինք բոլորին կողմէ, եւ թերեւս միակ անտեսուողը ըլլանք, եթէ այսօրուընէ այդ մասին որեւէ բան չմտածենք։ Թերեւս ալ կը մտածենք, թերեւս ալ հսկայական քայլեր կ'առնենք, կամ ալ հնարաւորութիւն չունինք որեւէ քայլ առնելու այդ մասին, սակայն կը փորձենք այս կամ այն կողմին մեր գոյութիւնը յիշեցնել: Գոնէ կը փորձենք, յիշելով մեր թղթեայ շերեփը, վախնալով, որ այս պարագային նոյնիսկ անկէ կրնանք զրկուած ըլլալ:
.. Ու այս բոլորէն ետք կը յանգիմ տխուր շատ տխուր եզրակացութեան մը. «Այսքան տարի ապրած եմ եւ միակ հասկցածս բան մը չհասկցած ըլլալս է»:
Մանուէլ Քէշիշեան
Հալէպ