Ինչպէս որ ամերիկեան ժողովրդավարական մամուլը ակնարկեց քանի մը օր առաջ` թէ Ուաշընկթըն եւ իր դաշնակիցները կը բողոքեն Ռուսիոյ դէմ, «իրենց» ահաբեկիչները ռմբակոծելու համար... իսկապէս որ այս ողբերգա-կատակերգական արտայայտութեանց մէջ բիւրաւոր սպաննուածներու, գլխատւածներու, անտունիներու, թափառաշրջիկներ դարձած երբեմնի յարգելի քաղաքացիներու արիւնն ու տառապանքները կը փորձեն պարփակուիլ:
Միջին Արեւելքը «ֆութպոլի դաշտ» դարձուցած, իրենց բազմապիսի ահարկու զէնքերն եւ ինքնաթիռները փորձարկած Արեւմուտքը, այսօր վայնասուն կը բարձրացնէ, երբ վերստին համաշխարհային քաղաքականութեան ու ռազմական ուժի հաւասարակշռութեան բեւեռ դարձած Ռուսիան եւ իր դաշնակիցները, Սուրիոյ մէջ մահացու հարուածներ կը հասցնեն ոճիրի ու ծայրայեղականութեան, հետախուզական վարչութիւններու վերջին արիւնարբու «նորաձեւութիւն», ՏԱԷՇ-ին ու Ճեպհեթ Ալ-Նուսրային:
Մենք բոլորս ալ ճաշակած ենք սուրիական բռնատիրական վարչակարգի խժդժութիւնները, դաւերը, ոճիրները, բանտերը:
Սակայն, այսպիսի վարչակարգ մը փոխարինել Մոնկոլ-Թաթարական, Լենկթիմուրեան, Օսմանեան ջարդարարներու, կոտորածներու եւ ցեղասպանութեանց մերօրեայ արիւնախում դահիճներով, որոնք ոչ միայն իրենց բազմահազարամեայ օրրաններէն բռնագաղթել տուին մարդկային քաղաքակրթութեան կերտիչներ ասորի-ալաուիները, գաղթիացիները, հայերը, եզիտիները, քիւրտերը, այլեւ քարուքանդ ըրին Մեծն Ասորեստանի ու Զենոպիա թագուհիին կառուցած եւ աւելի քան երկու հազարամեակ գոյատեւած տաճարներն ու յուշարձանները:
Իբր թէ Սուրիոյ բռնատիրական վարչակարգը տապալելու պատճառաբանութեամբ, նոյնքան ոճրագործ պետութիւն մը` Իսրայէլը ամէն կարելի միջոցներով շփացնելու եւ իբր թէ Բ. Աշխարհամարտին իրենց գործած «մեղքերը» իրենց ժողովուրդին տարագրութեան եւ «Ցեղասպանութեան» կեղծ ցաւակից հանդիսանալով, յուդայական «քրիստոնեայ» Եւրոպայի տիրակալները, «ցեղասպանութիւններու հայր» Էրտողանեան Թուրքիոյ աջակցութեամբ եւ ֆինանսաւորմամբ, հազարաւոր վարձու մարդասպաններ ղրկեցին Իրաք եւ Սուրիա, ուր, օր ցերեկով, «վիտէօ» նկարահանումներով եւ արար աշխարհին ցուցադրելով, զազրելի գլխատումներ, հրկիզումներ, խմբային գնդակահարումներ գործադրեցին խեղճ ու կրակ եզիտիներու, ասորիներու, քիւրտերու, հայերու, ղպտիներու եւ մահմետական արաբներու հանդէպ:
Տակաւին, մարդկային որեւէ բարոյականութենէ զուրկ, ստոր «ծերակուտական» Ճոն ՄըքՔէյն, ոճրապետ Ալ-Պաղտատիին հետ բազմիցս համդիպումներով եւ նկարահանումներով, հսկայական նիւթաբարոյական օժանդակութեամբ` պատճառ դարձաւ հազարաւորներու դժբախտութեան: Այնպէս որ, մերօրեայ այս պատերազմի ոճրագործները, որոնք այսօր կը բազմին Ֆրանսայի թէ Գերմանիոյ, Մեծն Բրիտանիոյ թէ Ուաշինկթընի գահերուն վրայ, պէտք է դատուին, իրենց «հոգեզաւակ» Անգարայի վարիչներուն հետ, բիւրաւոր մարդոց զանգուածային ոչնչացման, տեղահանման, նաւթի թէ կազի անօրէն առք ու վաճառքով, ծովածաւալ արեան գիները հատուցելու ամբաստանութիւններով:
Այնպէս որ, Փութինեան Ռուսիան, շատ լաւ գիտակցելով թէ «հերթը» իրն է, եւ թէ այլեւս «ննջող արջ»-ը չէ, այլ ռազմական ամենէն արդիական օդային թէ ցամաքային զէնքերով օժտուած ահարկու ոյժ, մի քանի օրուան մէջ կործանիչ հարուածներ հասցուց, արեւմտեան հետախուզական վարչութեանց ստեղծած (Պէն Լատէնին օրինակով), «Իսլամական Պետութիւն» յորջորջուած մարդասպաններու որջերուն:
ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ
«Արարատ»